image

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Երկու Կաթողիկոսները

Նախագահ  Սերժ Սարգսեան   Ընդունեց   Երկու  Կաթողիկոսները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երեքշաբթի առաւօտուն Երեւանի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Նախագահ՝ Տիար Սերժ Սարգսեանին: Հանդիպումին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետներն ու Պրն. Նախագահը անդրադարձան Ապրիլի առաջին օրերէն Արցախ-Ազըրպէյճան սահմանին վրայ կատարուած իրադարձութիւններուն մասին: Այս առումով Պրն. Նախագահ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ հայրապետներուն տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին: Հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետները Հայ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւններուն: Հանդիպումի ընթացին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկայ օրերուն Վեհափառ Հայրապետներուն Արցախ կատարելիք այցելութեան մասին: