Մարոնիթ եկեղեցւոյ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Ալ Խազէն թուիթըրեան իր էջին լուսանկար մը հրապարակած է, անդրադարձ կատարելով նախագահ Քամիլ Շամունի եւ ԱՄՆ դեսպան Մաքլինթոքի միջեւ կայացած հանդիպման:
Քամիլ Շամուն իր մօտ հրաւիրած է ԱՄՆ դեսպանը, նպատակ ունենալով վերջինիս վաճառել տուեալ տարուան չսպառուած խնձորի բերքը:
Հանդիպման ժամանակ Շամուն դեսպանին դիմելով ըսած է. «Մեծարգո'յ դեսպան, որոշած ենք լիբանանեան խնձորի այս տարուան բերքը ձեզի ծախել», որուն ի պատասխան դեսպանը յայտնած է, որ ԱՄՆ խնձոր արտահանող երկիր է, մերժելով նախագահի առաջարը: Երբ Շամուն պնդած է իր առաջարկը, Մաքլինթոն ներողութիւն խնդրելով ցանկացած է հեռանալ: Մինչեւ դեսպանին հեռանալը, Շամուն իր թիկնապահին դիմելով խնդրած է Խորհրդային միութեան դեսպանը հրաւիրել: Այդ պահուն Մաքլինթոն անմիջապէս վերադառնալով յայտարարած է. «Պարո'ն նախագահ, որոշեցինք գնել լիբանանեան խնձորը»:
Ուատիհ Ալ Խազէնի գրառումն աւարտած է հետեւեալ նախադասութեամբ. «Յիշելու եւ դասեր քաղելու համար միայն»: