image

Նախագահ Ասատ կարեւորած է չափաւորական Իսլամին դերը

Նախագահ Ասատ   կարեւորած է   չափաւորական    Իսլամին դերը

Սուրիոյ  նախագահ Պաշար Ասատ չորեքշաբթի օր ընդունած է Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն եկած քարոզիչներէ եւ իմամներէ բաղկացած կրօնական երիտասարդական խումբը ,ներկայութեամբ՝  կրօնից  նախարարին: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Ասատ բարձր  գնահատած է խումբի հիմնադրումէն մէկ տարի անց իրականացուած աշխատանքը, նկատել տալով, որ այս խումբը  չափաւոր իսլամական կրօնքին քաղաքակիրթ կերպարը ներկայացնողն է: Նախագահը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ  ամենակարեւոր գործը, որ այս խումբը պէտք է տանի,   բառերու վերաձեւակերպումն ու սխալ ըմբռնողութեան սրբագրումը,  նպատակ ունենալով ճշմարիտ կրօնը տարածել՝   ծայրայեղականութեան ընդդէմ:

Ասատ շեշտադրած է, ըսելով «Մեր մղած պատերազմը, միտքի պատերազմ է եւ հոսկէ կու գայ խումբի անդամներու երկխօսութեան գործիքներ ունենալու, վերլուծութիւններ եւ եզրակացութիւններ ընելու կարողութեան կարեւորութիւը, որպէսզի կրօնական հարցերու շուրջ կարենայ հաւասարակշռուած  քարոզ տալ, հեռու մակերեսայնութենէ»:

 Սուրիոյ  նախագահը հաստատած է «գիտակից հաւաքականութիւն մը ստեղծելու նպատակին հասնելու մէջ, համակարգուած աշխատանքի եւ չափանիշներ մշակելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ մենք չենք կրնար Քուրանը  (Իսլաներու  Սուրբ Գիրքը) հասկնալ, եթէ չհասկնանք  կեանքը, եւ չենք կրնար զայն  կիրառել, եթէ չհասկնանք կեանքի փիլիսոփայութիւնը»:

Անդրադառնալով Հալէպի ազատագրման, Ասատ  նշած է,  որ Սուրիոյ բանակի ջանքերէն ետք, Հալէպի ժողովուրդի դիմակայութեան ուժը հիմնական գործօնն էր ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակին, ընդգծելով, որ Հալէպ մեծ վնասներ կրեց, որովհետեւ այնտեղ  նախատեսուած էին մեծ  ծրագիրներ:

Ասատ հաստատած է նաեւ, որ Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ որեւէ  քայլ Սուրիոյ ժողովուրդին ձեռքն է եւ ժողովուրդն է որոշումի տէրը: