image

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը յարգանքի տուրք մատուցած է 2008-ի Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակին

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը յարգանքի տուրք մատուցած է 2008-ի Մարտ 1-ի զոհերու յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Մարտի 1-ի առաւօտեան, ծաղիկներ դրած է Միասնիկեանի արձանին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 2008 Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերու զոհերու յիշատակին:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: