image

Մուսուլի հայկական եկեղեցիները կը գործածուին Տահէշի կողմէ. Սարգիս Գոչունեան

Մուսուլի հայկական  եկեղեցիները կը    գործածուին  Տահէշի կողմէ. Սարգիս Գոչունեան

«Մեր տեղեկութիւններով Մուսուլէն տեղահանուած   հայութիւնը այսօրուան դրութեամբ հաստատուած է Զախո, Իրպիլ, Հաւրէզք եւ Աւզրուկ   աւաններուն, ինչպէս նաեւ  մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ»,-«Արեւելք»ին յայտնեց    իրաքահայ ազգայիններէն  Սարգիս Գոչունեան: Գոչունեան, որ  անդամ է Իրաքի Ազգային Առաջնորդարանի Կեդրոնական Վարչութեան,   ըսաւ, որ իր տեղեկութիւններով Մուսուլի երկու հայկական եկղեցիները ներկայիս  կանգուն են եւ կը գտնուին Տահէշի ձեռքը եւ   կը գործածուին այլ նպատակներով:

 

 

 

 

Սարգիս Գոչունեան

 

Խօսելով Մուսուլի  տեղահանուած  հայերուն մասին՝  Գոչունեան նշեց, որ     Մուսուլէն տեղահանուած հայ ընտանիքներուն  թիւը կը հասնի 70-ի:  Ըստ Գոչունեանի, Պաղտատի առաջնորդարանը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ՝  Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, օժանդակութիւններ  կը տրամադրէ այդ  ընտանիքներուն:  Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք   Իրաքի կառավարութիւնը կը պատրաստուի Ֆալուժայէն ետք  ազատագրել Մուսուլը,  ըսաւ «Այս  պահուն կը դժուարանամ ձեր հարցումին պատասխանել,  ու մեզի համար  ամէնէն   էական  հարցը հետեւեալն է, որ արդեօ՞ք  Մուսուլի հայերը քաղաքի  ազատագրումէն ետք պիտի ուզե՞ն իրենց տուները վերադառնալ»:  Գոչունեան նկատել տուաւ, որ Մուսուլի հայերը, նախքան այդ ծանր  դէպքերը, եղած են ինքնաբաւ եւ վարած են բարեկեցիկ կեանք: «Երբ Մուսուլի հայերուն մասին կը խօսուի, բոլորը կը վկայեն, թէ անոնք ունեւոր  եւ տնտեսապէս բարւոք   կեանք մը  կը վարէին ու ոչ ոք կը սպասէր, որ անոնք մէկ օրուան մէջ   ստիպուած ըլլան լքել իրենց տուները   եւ  կալուածները եւ  հեռանալ շրջանէն»: Գոչունեան նաեւ   վկայեց, որ  վերջերս   Իրպիլի  մէջ    վախճանած Տ.  Առաքել Քհնյ. Գասպարեանի ճիգերուն  շնորհիւ  էր, որ  մուսուլցի  հայերը  կարողացան  ապահով կերպով դուրս  գալ  քաղաքէն, մինչ հազարաւոր քրիստոնեաներ եւ այլ   համայնքի  անդամ քաղաքացիներ  զոհ  դարձան   եւ սպաննուեցան Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորման  ձեռամբ: Նշենք, որ  2  տարի  առաջ այս օրերուն   Իրաքի  Մուսուլ քաղաքը  անցաւ Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման տիրապետութեան տակ եւ մինչեւ օրս  սուրիական  Ռաքքայէն   ետք  կը  համարուի  այդ խմբակցութեան  գլխաւոր  կեդրոնատեղի:

 

 

 

 

Մուսուլի Սուրբ Էջմիածին  եկեղեցին. լուսանկարը   առնուած է  2013- թուականին: