image

Մոկէրինի. Եւրոպական Ընտանիքը Դէմ Է Քրտական Պետութեան Մը Ձեւաւորման

Մոկէրինի. Եւրոպական Ընտանիքը   Դէմ Է Քրտական Պետութեան  Մը Ձեւաւորման

Եւրոմիութիւն- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու  Ֆէտէրիքա Մոկէրինիյայտարարած է, որ  Եւրոմիութիւնը  դէմ է Միջին Արեւելքի մէջ անկախ քրտական պետութեան  մը ձեւաորման գաղափարին: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի սապահ», նշելով, որ այս մասին Մոկէրինի    անդրադարձած է երեքշաբթի օր,  Պրիւքսէլի մէջ  գումարուած Եւրոխորհրդարանի նիստին: «Եւրոպական միութիւնը չ'աջակցիր քիւրտերու կողմէ  որեւէ անջատողական օրակարգի, ըլլայ այն Թուրքիոյ, Իրաքի, կամ  Սուրիոյ մէջ»,  աւելցուցած է Մոկէրինի, վերահաստատելով  Եւրոմիութեան  դատապարտումը PKK- ի  կողմէ կատարուած բռնութիւնները, որոնց շարքին անցեալ շաբթուան Անգարայի մէջ կատարուած յարձակումը, որուն զոհ գացած էին 29   զինուորներ: Աղբիւրը կը նշէ, Մոկէրինի նաեւ յայտնած է, թէ իրենք դատապարտելով ահաբեկչութիւնը, համոզուած են, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման ճանապարհը պէտք է  ընթանայ խաղաղ գործընթացներու  ճանապարհով:«Սապահ» նաեւ կը հաղորդէ, այն ինչ  ծանօթ է Թուրքիոյ մէջ որպէս «հաշտեցման գործընթաց» եւ նպատակ ունեցած էր վերջ տալ 30-ամեայ հակամարտութեանց՝ Թուրքիոյ եւ PKK- ի  միջեւ, սկսած էր 2013-ին, սակայն դադրած էր անցեալ տարի վերանորոգուած բռնութիւններու  բռնկումով: «Մենք կը շարունակենք մտածել, որ միակ միջոցը այս է, եւ այս միտքը կ'ըսենք եւ թրքական իշխանութիւններուն եւ թէ քիւրտերուն, հաւասարապէս», ըսած  է Մոկէրինի: Ան նաեւ հաստատած է, որ ճգնաժամը կարելի չէ լուծել, առանց քիւրտերու իրաւունքները  յարգած ըլլալու: