Եւրոմիութիւն- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ֆէտէրիքա Մոկէրինիյայտարարած է, որ Եւրոմիութիւնը դէմ է Միջին Արեւելքի մէջ անկախ քրտական պետութեան մը ձեւաորման գաղափարին: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի սապահ», նշելով, որ այս մասին Մոկէրինի անդրադարձած է երեքշաբթի օր, Պրիւքսէլի մէջ գումարուած Եւրոխորհրդարանի նիստին: «Եւրոպական միութիւնը չ'աջակցիր քիւրտերու կողմէ որեւէ անջատողական օրակարգի, ըլլայ այն Թուրքիոյ, Իրաքի, կամ Սուրիոյ մէջ», աւելցուցած է Մոկէրինի, վերահաստատելով Եւրոմիութեան դատապարտումը PKK- ի կողմէ կատարուած բռնութիւնները, որոնց շարքին անցեալ շաբթուան Անգարայի մէջ կատարուած յարձակումը, որուն զոհ գացած էին 29 զինուորներ: Աղբիւրը կը նշէ, Մոկէրինի նաեւ յայտնած է, թէ իրենք դատապարտելով ահաբեկչութիւնը, համոզուած են, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման ճանապարհը պէտք է ընթանայ խաղաղ գործընթացներու ճանապարհով:«Սապահ» նաեւ կը հաղորդէ, այն ինչ ծանօթ է Թուրքիոյ մէջ որպէս «հաշտեցման գործընթաց» եւ նպատակ ունեցած էր վերջ տալ 30-ամեայ հակամարտութեանց՝ Թուրքիոյ եւ PKK- ի միջեւ, սկսած էր 2013-ին, սակայն դադրած էր անցեալ տարի վերանորոգուած բռնութիւններու բռնկումով: «Մենք կը շարունակենք մտածել, որ միակ միջոցը այս է, եւ այս միտքը կ'ըսենք եւ թրքական իշխանութիւններուն եւ թէ քիւրտերուն, հաւասարապէս», ըսած է Մոկէրինի: Ան նաեւ հաստատած է, որ ճգնաժամը կարելի չէ լուծել, առանց քիւրտերու իրաւունքները յարգած ըլլալու: