image

Մինչ «Ժայշ Ալ Ֆաթըհ» կը սպառնայ, Սուրիոյ բանակը յաւելեալ ուժեր կը կուտակէ Հալէպի մէջ.

Մինչ «Ժայշ Ալ Ֆաթըհ»  կը սպառնայ, Սուրիոյ  բանակը  յաւելեալ ուժեր կը կուտակէ Հալէպի  մէջ.

Այսօր առաւօտեան,  կանուխ ժամերէն  սկսեալ   Սուրիոյ   բանակը     նոր ուժեր   սկսած է կուտակել Հալէպի   մէջ:   Այս մասին տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ  բանակը   նոր ուժեր կուտակելու  սկսած է  մասնաւորապէս  «Ժայշ Ալ Ֆաթհ» խմբաւորման հնչեցուցած սպառնալիքներէն ետք, կապուած՝ Հալէպի մէջ նոր ճակատամարտ մը սկսելու   մասին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ընդդիմադիր  ջոկատները  մասնաւորապէս   Իտլիպէն   ուղղուած են  Ռամուսիյէի  շրջան, ուր վերջիններս յաջողած  էին        երեւելի  յառաջխաղացք մը գրանցել: Գետնի վրայ  եղող զարգացումներուն  մասին խօսելով՝ նոյն կայանի  թղթակիցը յայտարարած է, թէ այսօրուան  տուեալներով  հնարաւոր չէ,  որ  ընդդիմադիր  զինեալները  նոր ճակատներ բանան  Հալէպի մէջ:  Կը նշուի նաեւ, որ   Սուրիոյ օդուժը,  ռուսական կործանիչներու հետ  միասին հարուածներ կու տան   այն   կէտերուն, որ (Խան Ալ Ասալ, Րամուսիյէ, Մահաատ Հարպի) վերջերս անցած են ընդդիմադիր  զինեալներու  տիրապետութեան տակ: