image

«Մեզի համար Արեւելքի քրիստոնեաները տիկնիկներ չեն» Կոնստանթին Շուվալով

«Մեզի համար Արեւելքի  քրիստոնեաները  տիկնիկներ չեն» Կոնստանթին Շուվալով

Ռուսաստանը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու միտումով՝ քրիստոնէական փոքրամասնութիւնները օգտագործելու քաղաքական նպատակ չի հետապնդեր: Այս մասին 14 սեպտեմբերին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ գործերու ներկայացուցիչ Կոնստանթին Շուվալով:

 

Այս մասին  գրած է լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը նշելով նաեւ, որ Ռուսիոյ Միջազգային հարցերու Խորհուրդի մօտ, «Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները. Երէկ, այսօր, եւ վաղը» գիրքի ներկայացման ժամանակ, Շուվալով ըսած է. « Մենք  երբեք քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները մեր ձեռքին պուպրիկներու վերածելու քաղաքականութիւն չվարեցինք, եւ երբեք նման քաղաքական ձգտումներ չունեցանք եւ չենք ունենար»:

 

Շուվալով մեծապէս գնահատած է գիրքի հեղինակ Սարապիյէվի կատարած աշխատանքը, նշելով, որ գիրքը պատրաստուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի ցանկութեամբ:

 

Նշենք, որ արեւելագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պատմութեան մասնագէտ, Ռուսիոյ միջազգային հարցերու խորհուրդի փորձագէտ, գիտնական Ալեքսի Սարապիյէվի գիրքը կը խօսի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ճակատագրի մասին՝ 20 - րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը: