image

Մեծ թիւով փախստականներ Թուրքիայէն Սուրիա պիտի վերադառնան

Մեծ թիւով փախստականներ Թուրքիայէն Սուրիա պիտի վերադառնան

Պատերազմին հետեւանքով Թուրքիա հաստատուած սուրիացի փախստականներ կը սպասեն հաշտեցման գործընթացին՝ Սուրիա վերադառնալու համար: Շարք մը հաշտեցման գործընթացներու իրականացումէն ետք, այսօր ալ հաշտեցման նոր ծրագիր մը կը մշակուի Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ, յատկապէս այդ շրջանը լարուածութեան թուլացման շրջան ճանչցուելէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ մեծ թիւով սուրիացիներ, որոնք Թուրքիոյ սահմանը անցնելով հեռացան, կը սպասեն այս ծրագրի իրականացման:

Դամասկոսի արուարձաններու, Զապատանի, Մատաիա եւ Պաքքին շրջանի գիւղերուն մէջ ազգային հաշտեցման դէմքերէն Պիլալ Տիպ այս մասին «Սփութնիք» ծառայութեան խօսելով ըսած է, որ խումբ մը երիտասարդ սուրիացիներ կը սպասեն իրենց քաղաքներն ու շրջանները վերադառնալու ազդանշան ստանալուն, եւ վճռականօրէն պատրաստ են իրենց վիճակի կարգաւորման: Տիպ աւելացուցած է. «Կրնանք ըսել, որ բոլոր անոնք, որոնք մեր հետ կապուեցան, հաշտեցում եւ ներում պահանջեցին, ինչպէս նաեւ բոլորն ալ խնդրեցին մաս կազմել սուրիական բանակի եւ դաշնակից զինեալ ուժերու շարքերուն, այն բանէն ետք, երբ բախուեցան Իտլիպի մէջ տիրող դառն ճշմարտութեան»:

Նշենք, որ հաշտեցման նման տասնեակ ծրագիրներ արդէն իսկ  իրականութիւն դարձած են: