«Քանի դեռ շունչ կ'առնես, ուրեմն դեռ յիշողութիւն ունիս» «Արեւելք»ին ըսաւ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանը: Հալէպահայ արուեստագէտը խօսելով իր «Տուներ Առանց Դռներու» ֆիլմի եւ անոր նիւթին մասին յայտնեց, որ Ֆիլմը հիմնականին մէջ Հալէպի մասին է: Ան յայտնեց, որ ֆիլմի դէպքերը տեղի կ'ունեան Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի նաեւ «Քարէն Եփփէ Ճեմարան»ը, Ս. Գրիգորի Լուսաւորիչ եկեղեցին, համայնքի պատկանող Սիս եւ Կիլիկիա շէնքերը, «առաջին հայեացքով, մակերեսային մօտեցումով այս թաղամասին մասին կը պատմէ ֆիլմը» նշէ ան:Խօսելով Ֆիլմի հիմնական նպատակի մասին, Գաբրիէլեան մեկնաբանեց, որ Ֆիլմը նպատակ մը հետապնդելէ աւելի կը փորձէ ցոյց տալ պատերազմական իրավիճակի մէջ ընթացող եղելութիւնները, հոգեբանական փոփոխութիւններու զգալի, սակայն աննշմար ընթացքը, ուր ինք ուղղակի միջմատութիւններ չի կատարեր, այլ հոն ընթացող պատկերներն ու դէպքերը կը պատմեն «իրենց մասին»: Այս առումով ան ըսաւ, «ըսուելիք բաներ շատ կան, սակայն մէկ ֆիլմի մէջ ամէն ինչ ըսելը հնարաւոր չըլլալուն համար նախընտրեցի բան մը չըսել, մանաւանդ որ այդ դէպքերը դեռ վերջ չեն գտած, դեռ պատերազմի մէջ կ'ապրի Հալէպը»ըսաւ Գաբրիէլեան: Գաբրիէլեան նկատել տուաւ, որ ֆիլմի երկրորդ առանցքը կը կազմէ Հալէպի հայութեան ունեցած ընդհանուր հայացքը կապուած Սուրիական հայրենիքին եւ փոխադարձաբար արաբ-սուրիացիներու վերաբերմունքը՝ հայոց պատմութեան, ջարդին վերաբերեալ, «Ֆիլմը ձեւով մը կը խօսի հայերու երկրորդ գաղթին մասին, որուն այսօր ենթարկուեցաւ հալէպահայութիւնը» ըսաւ ան, մատնանշելով, որ ինք անցում կատարած է անձնականէն դէպի ընդհանրականը, այսինքն իր ընտանիքի օրինակը վերցնելով, ներկայացուցած է ամբողջ հայ ընտանիքներու երկրորդ գաղթի ենթարկուելու եւ ցիրուցան ըլլալու ճակատագիրը «Այդ իսկ պատճառով ֆիլմը կը խօսի «The second migration»-ի (երկրորդ գաղթ) մասին»: Ան նշեց, որ բացի Հալէպէն, Նոր Գիւղէն կամ երկրորդ գաղթէն, ֆիլմը կը խօսի ընդհանուր պատերազմի մասին, մարդու վրայ անոր ունեցած հոգեբանական ներգործութեան մասին, որ «հեռուէն կամաց-կամաց գալով կը հասնի քեզի, կը մտնէ տունդ»: Այս տարբեր կողմերու լուսաբանումներուն հետ մէկտեղ , բեմադրիչը փորձած է ցոյց տալ, որ «մեծ տէրութիւններու կողմէ եղած խաղին մէջ հիմնական տուժողը «մարդ»ն է, որմէ կը ծնի անկարողութեան զգացումը «մարդու անկարողութեան» եւ «անզօրութեան» վիճակը կայ ֆիլմին մէջ, որմէ կը ծնի ճնշուածութեան զգացողութիւնը, եւ այդ զգացումը կը փոխանցուի նաեւ դիտողին» կը մեկնաբանեց ան:
Անդրադառնալով ֆիլմի պատրաստութեան հանգրուաններուն, Գաբրիլեան ըսաւ, որ ֆիլմի նկարահանումը տեղի ունեցած է Հալէպի մէջ (Արեւմտեան Հալէպի մէջ) , 3 տարի առաջ, պատերազմի սկզբնական օրերուն, 2012-էն սկսեալ ,մինչեւ 2014-ի վերջերը: «Հիմա հասած ենք արդէն «Post production»ի հանգրուանին, այսինքն ձայնի, գոյնի եւ այլ թէքնինք հարցերու լուծման հանգրուանը եւ ֆիլմը շուտով իր աւարտին պիտի հասնի» ըսաւ բեմադրիչը: Բեմադրիչը նաեւ ըսաւ, որ ֆիլմը սկզբնական փուլին մէջ անհատական նախաձեռնութիւն եղած է եւ ոչ մէկ տեսակի օժանդակութիւն չէ ստացած, որովհետեւ բեմադրիչը չէ փափաքած, որ ֆիլմը որորշ կողմի մը խօսնակը դառնայ , սակայն աւելի ուշ Սուրիոյ մէջ «Պիտայաթ» (սկիզբներ) անունով ընկերութիւն մը շատ խանդավառուած ըլլալով ֆիլմի գաղափարին յանձն առած է օժանդակել ֆիլմի արտադրութեան աշխատանքներուն, առանց թելադրանքներ առաջարկելու, ինչպէս նաեւ ֆիլմի պատրաստութեան օժանդակած է լիբանանեան «Շաշէթ Պէյրութ» («Պէյրութեան Պաստառ») ընկերութիւնը:
Խօսելով ֆիլմի անունի ընտրութեան եւ մտայղացման մասին, Գաբրիէլեան յայտնեց, որ ֆիլմը կը կոչուի «Տուներ Առանց Դռներու» («Houses Without Doors»), նշելով որ անուան որոշումը տեղի ունեցած է, իր մօր տեսած երազին ներշնչումով, ուր իր մայրը Լիբանան գաղթելէն ետք երազ մը տեսած էր, թէ Հալէպ վերադարձած է, երթալով իրենց ապրած շէնքը, բարձրացած է տուն եւ տեսած, որ դռան փոխարէն պատ պատուած է, դուռը չկայ, պատուհան չկայ, յուսահատ իջած է փողոց եւ տեսած, որ իրենց տան դուռը թաղին մէջտեղը դրուած է, եւ ըսած է «Առանց դուռի տուն կ'ըլլա՞յ, վերջ, մեր Տունը այլեւս չկայ» եւ ինչպէս կը նշէ Աւօն, այս երազի դրուագը նոյնպէս ներկայացուցած է իր ֆիլմին մէջ:
Պատմելով, թէ ինք ինչպէս այս բոլորի աւարտը, թէ արդեօ՞ք վերադարձի գաղափար կայ այնտեղ, Գաբրէլեան ըսած է, որ ինք Ֆիլմին մէջ կը տեսնէ խաբուած մարդու վիճակը, յիշելով, թէ ինչպէս պատերազմի առաջին օրերուն շատ խանդավառ էին բոլորը, մտածելով որ կրնան աշխարհի վրայ բան մը փոխել: Իսկ վերադարձի գաղափար չէ կրցած դնել այնտեղ, որովհետեւ Սուրիոյ ներկայ վիճակը գոնէ մօտ ապագային համար վերադարձի յոյս չի ներշնչէր: Գաբրիէլեան կը նշէ, որ «մեծ փոփոխութիւններ ընելու կարողութեան մէջ խաբուած ըլլալու կողքին պատերազմի շնորհիւ տեսանք, որ Միջին Արեւելքի մէջ ընկերային գետնի վրայ գոյութիւն ունին շատ այլ հարցեր, ընկերային խնդիրներ, որոնց ծանօթ չէինք եւ ատոնց ծանօթացանք եւ համոզուեցանք, որ հիմա պզտիկ, փոքր փոփոխութիւններու ատենն է» նշելով նաեւ, որ «եթէ մեծ փոփոխութիւնները հիմա չենք կրնար իրականացնել, երիտասարդութիւնը պէտք է յոյս ունենայ, որ գոնէ փոքր հարցերու լուծման մէջ դերակատարութիւն ունի եւ շարունակէ յուսադրուիլ»:
Ֆիլմին լեզուն խառն է, այնտեղ կայ հայերէն, արաբերէն, «Մայրիկ» ֆիլմէն առնուած փոքր բաժինին մէջ կը հնչէ նաեւ ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ թրքերէն, որ հեռատեսիլէն կը լսուի «ասոր մէջ ալ մեր փարատոքսը կայ», կ'ըսէ բեմադրիչը, նշելով, որ ֆիլմի մէջ խօսակցութիւնը շատ տեղ չի գտներ:
«Արեւելք»ի այն հարցին, թէ Ի՞նչ փոխուած է Սուրիոյ դէպքերու սկիզբը պարզապէս նկարելուն համար բանտարկուած Աւօ Գաբրիէլեանին եւ այսօրուան Աւոյին մէջ, ան պատասխանեց «շատ տեղին եւ միաժամանակ դժուար հարցում է, որովհետեւ ճիշդ ինչ փոխուած է ես ալ չեմ գիտեր, չեմ կրնար տակաւին ես ինծի հեռուէն տեսնել, բայց կրնամ ըսել, որ տեղի ունեցած են ե՛ւ լաւ ե՛ւ վատ փոփոխութիւններ», բացատրելով, որ վատը նոյն այդ անկարող ըլլալու իրավիճակն էր, որ իր ֆիլմին մէջ ալ կայ, թէ ինչպէս երեք անձեր բռնի ուժով կրնան զինք բռնել- տանիլ եւ մարդ ոչ մէկ սխալ ըրած ըլլալով հանդերձ չի կրնար դիմադրել: Անդրադառնալով բանտարկութեան փորձառութենէն ծնած դրական կողմին ան նշեց, որ այդ մէկը կեանքի ուժն էր, որ ինք դուրս գայ եւ իր ֆիլմը շարունակէ նկարել, եւ այս զգացումը նոյնպէս ծառայած է ֆիլմի գաղափարին, թէ ինչքան ալ մարդ բանտարկուի, զրկուի նկարելու եւ վաւերագրելու իրաւունքէն, ոչնչացուի անոր քամէրան եւ memory card-ը, անոնք չեն կրնար մարդու յիշողութիւնը ջնջել, «այս դէպքը իմ մէջ յիշողութեան քոնսէփթը զօրացուց, ձգեց, որ ֆիլմին մէջ կեդրոնանամ յիշողութեան զօրութեան գաղափարին վրայ, որ ոչ մէկ տեսակի բռնութեան դիմելով չեն կրնար քեզմէ առնել ստեղծելու քու իրաւունքդ: Որովհետեւ այդ բոլորը քու մտքիդ մէջն են այն եւ անոնց պահպանումը քու ձեռքդ է, եւ հոսկէ ես ուղղուեցայ հայոց Ցեղասպանութեան թեմային, թէ ինչպէս մեր յիշողութեան մէջ կրցած ենք 100 տարի ապրեցնել դէպքեր եւ նիւթեր, որոնք չեն նկարահանուած եւ բերել մեզ հետ մինչեւ ներկայ օրերը»: Աւօ Գաբրիէլեան յայտնեց, որ Ֆիլմի մասին խօսիլը դժուար է, նկատել տալով որ այնտեղ տարբեր շերտեր կան եւ թէ մեծ փափաք ունի այս ֆիլմով ներկայանալ հայկական «Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմի փառատօնին, յիշեցնելով, որ ասկէ առաջ երեւանեան «Ոսկէ Ծիրան» 9-րդ փառատօնին մասնակցած է իր կարճամեթրաժ «Երկու քայլ աւելի մօտ» ֆիլմով:
Գաբրիէլեան զրոյցի աւարտին յիշեց, որ «Տուներ Առանց դռներու» ֆիլմը քանի մը ելոյթներ պիտի ունենայ Պէրլինի ֆիլմի փառատօնին, փորձառական եւ յառաջապահ (avant-garde ) ֆիլմերու յատկացուած «Forum» եւ «Press Screening» բաժիններու մէջ: