image

«Մեր արուեստը տարածելու լաւագոյն միջոցը հեռատեսիլ ունենալն է».Լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան

«Մեր արուեստը   տարածելու լաւագոյն միջոցը  հեռատեսիլ ունենալն է».Լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն  Տիշչէքէնեանը:


-Երկար ժամանակէ ի վեր կը  զբաղուիք  երգարուեստով,  ինչպէ՞ս յայտնուեցաք երգարուեստի  աշխարհին մէջ:


Երգարուեստի մէջ առաջին քայլս առած եմ ուսանողութեան տարիներուս, այդ ժամանակ համալսարանական  խումբ մը ունէինք եւ տղոց հետ խրախճանքներուն կ'երգէինք: Բայց իմ առաջին   արհեստավարժ սթուտիոյի մէջ ձայնագրած երգս եղաւ 1996-97-ին, երբ   սիրելի    ընկերս, Մհեր Չուլհաճեանը նահատակուեցաւ Արցախի  մէջ։ Այդ մէկը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս եւ ուզեցի անպայման իր յիշատակին երգ մը նուիրել։  Լիբանանահայ      գրող Շահանդուխտը     գրեց երգի  բառերը, երգը շատ սիրուեցաւ եւ տարածուեցաւ։ Այդ եղաւ իմ մուտքս   իրական  մուտքս երգարուեստ, որմէ ետք սկսայ երգարուեստին  վերաբերիլ որպէս մասնագիտութիւն:

 

-Դուք բացառապէս ազգային յեղափոխական երգերով հանդէս եկած էք, ի՞նչն էր  ձեզի մղեց, որ այդ ժանրը նախընտրէք եւ այդ երգերով  հանդէս   գաք։


Պատճառը նոյն վերը նշածս է, առաջին երգս, որ ընկեր Մհեր Չուլհաճեանինյիշատակին նուիրեցի, բաւական մեծ արձագանգ գտաւ Լիբանանի եւ այլ սփիւռքեան   տարբեր  գաղութներու  մէջ եւ այդ օրէն ես ուզեցի յեղափոխական երգերու ձայներիզ մը   հրապարակել, եւ այդպէս ալ  եղաւ- իմ առաջին     ալպոմս հրապարակեցի 2000   թուականին։

 

-Վերջին շրջանին կը նկատենք, որ նաեւ հանդէս կու  գաք ժողովրդային, սիրային երգերով, ի՞նչ էր  իրական դրդապատճառը այս որոշումին:


Այդ   որոշումը նորութիւն մը  չէ, 2002-2003 թուականին ես արդէն իմ առաջին էսթրատային- ժողովրդային երգերու ձայնասկաւառակս հրապարակած եմ: Մօտս  ժանրի առումով սահմանափակում չկայ, երկու ժանրերն  ալ կ'երգեմ, բայց այդպէս եղաւ, որ երգարուեստ մուտքս ազգային յեղափոխական երգերով եղաւ:  Միշտ երկու ոճի երգեր ալ արձանագրած եմ, բայց  քանակի առումով գերիշխողը  եղած   են ազգային յեղափոխական երգերը։ Իսկ այս վերջին 5-6 տարիներուն, ճիշդ նկատեցիք, աւելի շատ էսթրատային, ժողովրդային երգերու վրայ կ'աշխատիմ, բայց ազգայինն ալ կայ: Օրինակ  օրերս  Արցախի   նահատակ-հերոսներուն նուիրուած  հ նոր երգ մը պիտի հրապարակեցի,  որ բաւական  լաւ ընդունելութիւն   ալ  գտաւ։

 

-Այսօր Լիբանանի մէջ ի՞նչ դժուարութիւններ ունին հայ երգիչները, ընդհանրապէս կապ կա՞յ ձեր միջեւ, կը գործակցի՞ք իրար հետ:


Անշուշտ դժուարութիւններ կան, ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ  այլ։Լիբանանի ընդհանուր վիճակը, տնտեսական տագնապը իր դերը ունի այդ բոլորին մէջ:  Մենք երգիչներով յաճախ կը հանդիպինք, կը խօսինք միասին այդ խնդիրներուն մասին: Շաբաթներ  առաջ  այս առումով ժողովի մը ընթացքին Լիբանանի  թեմի  բարեջան  առաջնորդ  սրբազան  հօր առաջարկ ներկայացուցի, որ լիբանանահայութեան, մանաւանդ երգիչներուն համար պէտք է արբանեակային հեռատեսիլային կայան մը ունենանք, ուրկէ կարենանք մեր երգերուն տեսերիզիները (վիտէօ քլիփ) սփռել, որպէսզի աւելի շատ տարածուին։ Հիմա մենք որպէս սփռման միջոց միայն ֆէյսպուքը եւ եություպը ունինք. Ես քանի մը անգամ փորձեցի հայաստանեան կայաններու հետ կապուիլ, իրենց միջոցաւ սփռել երգերս, բայց չյաջողեցայ, չեմ գիտեր ինչու, ինչն էր պատճառը, որ չուզեցին այդ երգերը սփռել: Առաջնորդը Սրբազանը  ըսաւ նկատի պիտի ունենանք այս առաջարկը եւ յոյսով ենք, որ ապագայ օրերուն իրենց ծրագիրներէն մէկը կ'ըլլայ։

 

-Լիբանանի մակարդակով ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը ինչպէ՞ս է ձեր երգարուեստին եւ առհասարակ հայ երգարուեստին հանդէպ:  Լիբանանահայը այսօր  հետաքրքրուա՞ծ է հայ երգիչով, հայ երգով:


Լիբանանահայութիւնը անշուշտ միշտ հետաքրքրուած է հայ երգիչով, հայ երգով: Ամէն տեսակի ունկնդիրներ ունինք, շատեր ազգային յեղափոխական երգերը կը սիրեն, շատեր Արցախեան երգերը կը սիրեն, ուրիշներ՝ էսթրատային- սիրայինը, այդ առումով ալ ամէն մէկը երգիչ մը կը նախասիրէ: Այդ իմաստով լիբանանահայ երգիչին քաջալերանք կայ, նշմարելի է այդ մէկը եւ մենք, որպէս   երգիչներ  շնորհակալ ենք իրենց: