Աւելի վաղ առաջարկուած «3+3» հարթակի նպատակը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը կայուն դարձնելն է: Այս մասին Վրաստանի իր գործընկեր Տաւիթ Զալքալիանիի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Թուրք նախարարի խօսքերով՝ «3+3» հարթակի նպատակն է յուսալի քայլեր ձեռնարկել՝ կապուած զինուորական, տնտեսական ու ուժանիւթի ոլորտներու նախագիծերու հետ:
Միեւնոյն ժամանակ, Չաւուշօղլուն նշած է, որ իրենք կը յարգեն այս հարցի վերաբերեալ Վրաստանի դիրքորոշումը:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Թուրքիան կ'ուզէ տարածաշրջանային համագործակցութիւն սկսիլ «3+3» ձեւաչափով (Ռուսաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Վրաստան, Թուրքիա):
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ