Հայաստանի առողջապական համակարգը լիովին պատրաստ է «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքին։ Այս մասին 29 յուլիսի ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը
Անոր խօսքով՝ առողջապահական համակարգի պատրաստուածութեան աստիճանը պիտի մնայ մօտաւորապէս այն մակարդակի, ինչպէս եղած է հիւանդացութեան գագաթնակէտի ժամանակ։
«Եթէ աշնան, եղանակի պաղելուն զուգահեռ, երկրին մէջ հիւանդութեան դէպքերու աճ արձանագրուի, ապա այն բժշկական կեդրոնները, որոնք ետ վերադարձած էին իրենց հիմնական աշխատանքին, 1-2 օրուան ընթացքին պիտի կարողանան կրկին կատարել այն բոլոր գործարոյթները, որոնք կը կատարեն հիմա։
Եթէ ենթադրենք, որ երկրորդ ալիքը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս այնպիսին, ինչպիսին առաջին ալիքն էր, ապա մենք լիովին պատրաստ ենք անոր», - ըսած է Արսէն Թորոսեանը։