image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք՝ Եգիպտահայերս» ֆիլմը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Գահիրէի մէջ

«Մենք՝ Եգիպտահայերս»  ֆիլմը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Գահիրէի մէջ

Եգիպտական «Ալ Շրուք» պարբերականը յայտնած է, թէ Գահիրէի 38-րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնին, «Մենք՝ Եգիպտահայերս» վաւերագրական ֆիլմը  մեծ  յաջողութիւն ձեռք  բերած է:  

Եգիպտական վաւերաժապաւէնին տեւողութիւնը 90 վայրկեան է, արտադրուած է 2016-ին, բեմադրիչներն են՝ Ուահիտ Սուպհի (եգիպտացի բեմադրիչ եւ սարքաւորող), Եւա Տատրեան (Եգիպտահայ լրագրող եւ գրագէտ) եւ Հանան Իզզաթ (բեմադրիչ եւ նկարիչ): Ֆիլմին յատուկ եխօսութիւնները պատրաստած են՝ Եւա Տատրեան եւ Հանան Իզզաթ. իսկ նկարահանումի եւ սարքաւորման աշխատանքները կատարած է՝ Ուահիտ Սուպհի:

«Մենք՝ Եգիպտահայերս» ֆիլմը կը ներկայացնէ՝ Եգիպտոսը, Մուհամմէտ Ալիի ժամանակրջանէն մինչեւ 150 տարի վերջ, երբ 1915-ի ջարդերէն ետք, հայկական համայնքը սկսած էր կազմուիլ Եգիպտոսի մէջ:

Ուահիտ Սուպհի յայտնած է, թէ ֆիլմին աշխատանքները տեւած են 2 տարի: Անոր հիմնական նիւթը եգիպտահայ նկարիչներն էին, սակայն փաստաթուղթերու եւ հարցազրոյցներու հետազօտութենէն ետք նիւթի պատկերացումը զարգացած եւ դարձած է եգիպտահայերու մասին:

Ան բացայայտած է՝ «Մենք՝ Եգիպտահայերս» ֆիլմի երկրորդ բաժնի պատրաստման մտադրութիւնը, որուն նիւթը կրնայ դառնալ Եգիպտոսի ու Հայաստանի միջեւ կապերու եւ յարաբերութիւններուն մասին: