image

«Մենք չենք պատրաստուիր Էրտողանի առջեւ ծունկի գալ». Ժան Գլոտ Ճանքէր

«Մենք չենք պատրաստուիր Էրտողանի առջեւ ծունկի գալ». Ժան Գլոտ Ճանքէր

Գերմանական «Տէր Շփիկըլ» պարբերականին խօսելով, Ժան Գլոտ Ճանքէր յայտարարած է, թէ Եւրոպան Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն առընթեր չի պատրաստուիր զիջումներու երթալ: Ճանքէր, որ Եւրոպական միութեան յանձնաժողովի նախագահն է նաեւ ըսած է, թէ իրենք պիտի շարունակեն բանացիլ Թուրքիոյ հետ: Ըստ Ճանքէրի բանակցութիւնները կրնան բաւական դժուարին ըլլալ եւ այդ առումով ան ըսած է, թէ «ինչ ալ ըլլան պարագաները մենք պատրաստ չենք Էրտողանի առջեւ ծունկի գալու»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները լարուածութիւն սկսան ապրիլ Գերմանիոյ Պունտէսթակի հայանպաստ որոշումէն ասդին: Սակայն այդ մէկը միակ պատճառը չէր եւ Թուրքիոյ հետ առկայ տագնապը կապ ունի տնտեսական հարցերու, սուրիական պատերազմին, ինչպէս նաեւ Եւրոպա հասած սուրիացի գաղթականներու հարցերուն հետ: