ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանը մէկ ամսուան ընթացքին 6 հայցադիմում ներկայացուցած է լրատուամիջոցներու դէմ: Այս մասին NEWS.am–ը տեղեկացած է դատական տեղեկատուական համակարգէն։
Հայցադիմումներէն երեքը ներկայացուած է «Հրապարակ» օրաթերթի դէմ, մէկը՝ «Իրաւունք Մետիա» ՍՊԸ-ի , իսկ երկուքը՝ «Անդրադարձ մամուլի ակումբ» ՀԿ-ի դէմ:
Վեց գործերով ալ պահանջը նոյնն է՝ զրպարտութեան եւ վիրաւորանքի միջոցով պատիւին, արժանապատւութեան եւ բարի համբաւին հասցուած վնասի հատուցում:
Հայկ Սարգսեանը ընդդէմ «Հրապարակ» օրաթերթի երեք գործերն ալ մակագրուած են Երեւան քաղաքի դատաւոր Ռուբէն Վարդազարեանին, «Անդրադարձ մամուլի ակումբ» ՀԿ-ի դէմ գործը մակագրուած է դատաւոր Աւագ Գաբրիէլեանին, իսկ «Իրաւունք Մետիա» ՍՊԸ-ի դէմ գործը՝ Արթուր Ստեփանեանին։
Պատգամաւորը «Հրապարակ» օրաթերթէն ընդհանուր առմամբ կը պահանջէ վիրաւորանքի համար 900 հազար դրամ փոխհատուցում, իսկ զրպարտութեան համար՝ 1 միլիոն 400 հազար դրամ:
Իսկ «Իրաւունք Մետիա» ՍՊԸ-էն որպէս ոչ նիւթական վնասի փոխհատուցում հայցուորը կը պահանջէ 1 միլիոն դրամ գումար։