image

Իտալացի պատգամաւորներէն կոչ. «Ազատ արձակել հայ ռազմագերիները»

Իտալացի պատգամաւորներէն կոչ. «Ազատ արձակել հայ ռազմագերիները»

 

Իտալիոյ խորհրդարանի «Լեկա» կուսակցութեան պատգամաւորներ Մասիմիլիանօ Քափիթանիօն եւ Ճուլիօ Չենթեմերօն յայտարարութիւն տարածած են՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է ազատ արձակուին առանց նախապայմաններու: «Արմէնփրէս»-ը ներկայացուցած է իտալացի պատգամաւորներու յայտարարութիւնը.

 

«Ատրպէյճանը կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ՝ անոնց քաղաքական բանակցութիւններուն մէջ օգտագործելու համար՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ: Տեղեկացած ենք, որ քանի մը օր առաջ համացանցի մէջ յայտնուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու զրուցի մտահոգիչ տեսանիւթ մը, որ կը հաստատէ այն փաստը, որ Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիները անօրինական կը պահուին եւ կ'օգտագործուին ականապատ տարածքներու քարտէզներու կամ այլ զիջումներու դիմաց փոխանակման համար։ Այս հարցի վերաբերեալ անհրաժեշտ է պարզութիւն եւ հրատապ ու խիստ դիրքորոշում բոլոր միջազգային գործընկերներու կողմէ` դադրեցնելու համար մարդկային կեանքերու վերաբերեալ շահարկումները: Կ'ակնկալենք, որ մեր կառավարութիւնը շուտափոյթ իր ձայնը լսելի դարձնէ՝ իր դիրքորոշումը յայտնելով ընդդէմ անոնց, որոնք կը շարունակեն խախտել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր դրոյթները։ Ուստի կը պահանջենք, որ բոլոր ռազմագերիները եւ պահուող քաղաքացիական անձիք անմիջապէս ազատ արձակուին եւ հայրենադարձուին առանց նախապայմաններու»: