Միջազգային հանրութեան միջնորդութեամբ կայացած համաձայնութեան մը հիմամբ ՄԱԿ-ի մարդասիրական օժանդակութիւններու առաջին շարասիւնը վաղը Դամասկոսի գիւղական Մատայա աւան մուտք պիտի գործէ: Ըստ կայացած համաձայնութեան նոյն պահուն դէպի Իտլիպի Ֆուհա եւ Քըֆրայա աւաններ եւս օգնութիւններ պիտի փոխանցուին:Նշենք, որ Մատայա աւանը անցեալ Յուլիսէն ի վեր մարդկային ծանր վիճակի մէջ յայտնուած էր պաշարման հետեւանքով: Հոն կ'ապրին աւելի քան 40 հազար քաղաքացիներ, որոնք պաշարման հետեւանքով յայտնուած են սովահար ըլլալու վտանգին դիմաց: Իրենց կարգին Սուրիոյ իշխանութիւնները այս մասին խօսելով յայտնած են, որ ընդդիմադիր զինեալներ գերիի կարգավիճակի մէջ կը պահեն քաղաքացիները եւ կ'արգիլեն, որ քաղաքացիները դուրս գան աւանէն: «Ռօյթըրզ», որ աւանին մասին լրատուութիւն մը ըրած է, նաեւ կը յայտնէ, որ աւանին մէջ դեղորայքի սուր պակաս կայ եւ քաղաքացիներէն շատեր շունի եւ կատուի միս կուտեն սովէ չմահանալու համար: