image

Մատայաի Բնակիչները Սովահար Չըլլալու Համար Ստիպուած Եղած Են Շան Եւ Կատուի Միս Ուտել

Մատայաի  Բնակիչները Սովահար Չըլլալու Համար  Ստիպուած Եղած Են Շան  Եւ Կատուի Միս Ուտել

Միջազգային  հանրութեան  միջնորդութեամբ կայացած  համաձայնութեան մը հիմամբ  ՄԱԿ-ի մարդասիրական օժանդակութիւններու  առաջին շարասիւնը    վաղը  Դամասկոսի գիւղական  Մատայա աւան   մուտք պիտի   գործէ: Ըստ  կայացած  համաձայնութեան  նոյն պահուն  դէպի Իտլիպի   Ֆուհա եւ  Քըֆրայա աւաններ  եւս օգնութիւններ պիտի  փոխանցուին:Նշենք, որ Մատայա  աւանը անցեալ Յուլիսէն ի վեր  մարդկային ծանր վիճակի մէջ յայտնուած  էր պաշարման հետեւանքով: Հոն  կ'ապրին աւելի քան 40  հազար  քաղաքացիներ, որոնք պաշարման հետեւանքով յայտնուած են սովահար ըլլալու վտանգին դիմաց: Իրենց կարգին  Սուրիոյ իշխանութիւնները այս մասին խօսելով յայտնած են, որ ընդդիմադիր զինեալներ  գերիի  կարգավիճակի մէջ կը պահեն   քաղաքացիները եւ  կ'արգիլեն, որ   քաղաքացիները դուրս  գան աւանէն:   «Ռօյթըրզ», որ աւանին մասին լրատուութիւն մը ըրած է, նաեւ կը յայտնէ, որ  աւանին մէջ դեղորայքի սուր պակաս կայ եւ քաղաքացիներէն շատեր    շունի  եւ կատուի  միս կուտեն  սովէ չմահանալու համար: