image

Մարոնիթ Պատրիարքը Տահէշի թիրախ դարձած քրիստոնէական Ալ Քահ աւան այցելեց

Մարոնիթ Պատրիարքը   Տահէշի  թիրախ  դարձած  քրիստոնէական Ալ Քահ աւան այցելեց

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Անտիոքի  Մարոնիներու    Պատրիարքը այսօր հովուական  այցելութիւն մը տուաւ  լիբանանեան Ալ Քահ  աւան:  Րահի  Պատրիարք, որ  աղօթք մատուցած է Քահի մէջ զոհուածներու հոգիներուն համար  պատգամեց, որ  «Քահի բնակիչները հերոսներ են եւ անոնք իրենց ցեփական օրինակով եւ   զոհաբերումով   անգամ մը եւս աշխարհին  ցոյց տուին, որ Լիբանան սոսկական հայրենիք մը չէ, այլ առաքելութիւն է»:   Յիշեցնենք, որ ասկէ  շաբաթներ առաջ Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման  6 անձնասնպաններ ահաբեկչական    պայթումներ   ընելով    պատճառ դարձած էին 5 անձերու  սպաննութեան: Քրիստոնեայ բնակչութիւն  ունեցող Քահ  աւանին դէմ   եղած արարքները  պատճառ դարձած էին  համալիբանանեան   ընդվզման ալիքի մը :  Լիբանանի   տարբեր քաղաքական  հատուածները իրենց զօրակցութիւգնը յայտնած էին Քահի  բնակիչներուն եւ վերահաստատած   լիբանանցիներու միացեալ կեցուածքը պայքարելու համար     երկրին համար  հիմնական սպառնալիք համարուող ահաբեկիչներուն դէմ:  Տեղին կը համարենք նշել, որ Մարոնիթ Կարտինալը առաջին անգամը չէ, որ  վտանգաւոր ու թէժ գօտի համարուած    վայրեր կ'այցելէ: Ան տարբեր  առիթներով  այցելութիւններ տուած  է   լիբբանանի սահմանային շրջաններ ու      Սուրիոյ պատերազմի ամէնէն ծանր փուլերուն    քաջութիւնը ունեցած է     այցելութիւն տալ          ՝ Դամասկոս: