image
Հրատապ լուրեր:

Լոնտոնի մէջ բացումը կատարուած է Իրաքի եւ Աֆղանստանի պատերազմներուն զոհուած զինուորներուն նուիրուած յուշարձանին (Լուսանկարներ)

Լոնտոնի մէջ բացումը կատարուած է Իրաքի եւ Աֆղանստանի պատերազմներուն զոհուած զինուորներուն նուիրուած յուշարձանին (Լուսանկարներ)

9 Մարտին, Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է Իրաքի եւ Աֆղանստանի պատերազմներու ժամանակ զոհուած զինծառայողներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Mirror»-ը, նշելով, որ 2,5 հազար մարդ ներկայ գտնուած է հանդիսութեան, որոնց շարքին նաեւ թագաւորական ընտանիքը եւ վարչապետ Թերեզա Մէյը: 

Կը նշուի, որ յուշարձանը տեղադրուած է Թէմզա գետի ափին գտնուող այգիի մէջ` Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի եւ Քորէական պատերազմի յուշարձաններու մօտ: Յուշարձանի ծածկոցը բացած է թագուհի Էլիզապէթը:

«Իրաքի եւ Աֆղանստանի մէջ մեր հազարաւոր զինուորները իրենց կեանքը զոհեցին` հերոսական ջանքերու շնորհիւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պահպանելով մեզի ծանօթ ամենաթշնամական վայրերուն մէջ: Այսօր մենք կը յարգենք բրիտանացի այն կանանց եւ տղամարդկանց քաջութեան եւ նուիրուածութեան յիշատակը, որոնք ընդունած են այդ առաքելութեան երթալու կոչը», - ըսած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը յուշարձանի բացման արարողութեան ժամանակ:

 

 

 Герцог Эдинбургский Филипп и королева Елизавета II