Երկու տարի առաջ այս օրը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կը հեռանար Պաապտայի պալատէն: Այսինքն, երկու տարիէ ի վեր երկիրը կը շարունակէ մնալ առանց նախագահի: Միջին Արեւելքի միակ քրիստոնեայ ղեկավարով առաջնորդուող երկրին համար բարդ խնդիր դարձած է նոր նախագահ մը ընտրելու օրակարգը: Ստեղծուած իրավիճակը անշուշտ, պայմանաւորուած է ներքին, բայց մանաւանդ՝ արտաքին գործօններով: Սուրիոյ մէջ ծաւալուած պատերազմը այդ գործօններուն գլխաւորն է: Ներքին ճակատին վրայ եղած խմորումներուն հիմքը կողմերուն համար, գործելու դաշտ մը ապահովելէն բացի, կը ստեղծէ նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ եղած պարապը լեցնելու ձեւական փորձերու դիպաշար մը: Կայ նաեւ այն վարկածը, թէ ընթացող բոլոր գործընթացները ինքնախաբէութեան մէկ տեսակն են: Ի վերջոյ բոլորը գիտեն, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը անկարող է երկրի նախագահի ընտրութեան օրակարգը իրականացնել: Այդ մէկը կը բխի ոչ թէ անոնց անկարողութիւնէն, այլ պայմանաւորուած է անոնց «տէրերուն» տուած թելադրանքներով: Լիբանանը անկախ եւ ինքնիշխան երկիր մը տեսնելու փափաքը չի կրնար իրական դառնալ այնքան ժամանակ, ինչքան յարանուանական մօտեցումներով եւ շահերով առաջնորդուող ղեկավարները կը մնան քաղաքական դաշտի գլխաւոր դերակատարները: Իսկ արտաքին ճակատի վրայ Լիբանանի նախագահ ընտրելու մասին եղած դիտարկումները եւ խրատական յորդորները նոյնպէս կը միտին այդ խօսքերը հնչեցնող կողմերուն համար, որոշ վաւերականութիւն մը ապահովել: Արդէն երկու տարիէ ի վեր առանց նախագահի «մաքառող» այս երկրին համար նորութիւն մը չէ այս տագնապը: Իսկ երկրին մէջ ապահովակաան անդորրը պահպանելու ընտրանքը մարմին ստացած է արտաքին ուժերու որոշ պայմանաւորուծութիւներով, որոնց մէջ անշուշտ Լիբանանի շահերը չկան, այլ կը գերակշռեն անոր ջուրերուն մէջ եղած նաւթի պաշարներուն ինքնարժէքն ու այդ աւարը բաժնելու հեռանկարները: