image
Հրատապ լուրեր:

Լրացաւ երկրորդ տարին

Լրացաւ երկրորդ տարին

Երկու տարի  առաջ  այս օրը Լիբանանի հանրապետութեան  նախագահը կը հեռանար Պաապտայի   պալատէն: Այսինքն,  երկու  տարիէ  ի վեր  երկիրը կը  շարունակէ մնալ առանց նախագահի: Միջին Արեւելքի միակ  քրիստոնեայ  ղեկավարով առաջնորդուող երկրին համար  բարդ   խնդիր դարձած է   նոր նախագահ մը ընտրելու օրակարգը: Ստեղծուած իրավիճակը անշուշտ, պայմանաւորուած է  ներքին, բայց մանաւանդ՝ արտաքին գործօններով: Սուրիոյ մէջ ծաւալուած  պատերազմը  այդ գործօններուն գլխաւորն է:  Ներքին ճակատին վրայ եղած խմորումներուն հիմքը կողմերուն համար, գործելու դաշտ մը ապահովելէն բացի, կը ստեղծէ նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ եղած   պարապը   լեցնելու  ձեւական փորձերու  դիպաշար մը:    Կայ նաեւ  այն վարկածը, թէ  ընթացող բոլոր  գործընթացները   ինքնախաբէութեան  մէկ  տեսակն են: Ի վերջոյ բոլորը  գիտեն, որ  Լիբանանի  քաղաքական  վերնախաւը անկարող է երկրի նախագահի ընտրութեան օրակարգը իրականացնել: Այդ մէկը կը բխի ոչ թէ անոնց անկարողութիւնէն,  այլ պայմանաւորուած է անոնց «տէրերուն» տուած  թելադրանքներով: Լիբանանը անկախ եւ ինքնիշխան  երկիր մը տեսնելու  փափաքը չի կրնար իրական  դառնալ այնքան  ժամանակ, ինչքան յարանուանական մօտեցումներով եւ շահերով առաջնորդուող  ղեկավարները  կը մնան քաղաքական   դաշտի  գլխաւոր դերակատարները:  Իսկ արտաքին ճակատի վրայ Լիբանանի  նախագահ  ընտրելու մասին  եղած  դիտարկումները եւ խրատական յորդորները նոյնպէս կը միտին  այդ    խօսքերը հնչեցնող կողմերուն համար, որոշ վաւերականութիւն մը ապահովել:     Արդէն երկու տարիէ ի վեր առանց նախագահի «մաքառող» այս երկրին  համար նորութիւն մը չէ այս  տագնապը: Իսկ երկրին մէջ   ապահովակաան անդորրը պահպանելու ընտրանքը  մարմին ստացած է արտաքին ուժերու  որոշ  պայմանաւորուծութիւներով, որոնց  մէջ անշուշտ Լիբանանի  շահերը չկան, այլ   կը գերակշռեն անոր  ջուրերուն մէջ եղած   նաւթի  պաշարներուն ինքնարժէքն  ու   այդ աւարը  բաժնելու     հեռանկարները: