Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Վլատիմիր Փութինը կոչ ըրած են 12 յունուարէն Լիպիոյ մէջ հրադադարի ռեժիմ հաստատելու։ Այս մասին Պոլսոյ մէջ ՌԴ իր գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը։
«Էրտողանի եւ Փութինի բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ տարածաշրջանային թեմաներ։ Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում՝ կապուած Իտլիպի մէջ կրակի դադարեցման ռեժիմի, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ լարուածութեան, Լիպիոյ եւ Իրաքի իրավիճակի հետ։ Նախագահներ Էրտողանը եւ Փութինը կոչ ըրած են Լիպիոյ մէջ կրակի դադարեցման, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 12 յունուարին, ժամը 00։00»,- ընդգծած է ան։
Չաւուշօղլուի խօսքերով՝ առաջնորդները նաեւ քննարկած են «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան թուլացման միջոցառումները՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան սրացումէն ետք»։