Իսրայէլ հինգշաբթի օր նախազգուշացուցած է, որ Կազայի հետ սահմանին վրայ պաղեստինցիներու կողմէ որեւէ ձեւի սադրանքներ պատահելու պարագային, իր զինուորները կրակ պիրի բանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ այս յայտարարութիւնը եղած էր` այսօր 6 մարտին սահմանին զանգուածային ցոյց կազմակերպելու նախապատրաստման լոյսին տակ:
«Եթէ սադրանքներ պատահին, անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հակադարձութեան ամենածանր տեսակը պիտի գործադրենք»,- ըսած էր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էւիկտոր Լիպէրմանը, յայտարարելով. «Մենք մտադիր չենք հակամարտութեան կանոնները փոխելու»: