image

Լիբանանի նախագահի ընտրութեան օրակարգը կարեւոր փուլ մտաւ

Լիբանանի նախագահի ընտրութեան օրակարգը կարեւոր փուլ մտաւ

Երէկ Լիբանանի նախագահական պալատի շուրջ եղող բոլոր ճանապարհները խցանուած էին: Լիբանանեան բանակի նախկին ընդհանուր հրամանատար Զօր. Միշէլ Աունի առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք»ի հազարաւոր համակիրներ եւ կուսակիցներ,  հաւաք մը կատարելով,     «վերանորոգեցին իրենց ոխտը» եւ յայտատարարեցին, որ անձկութեամբ կը սպասեն նախագահի ընտրութեան նիստին: Յիշեցման կարգով նշենք, որ նախագահական ընտրութեան յառաջիկայ նիստը պիտի կայացուի հոկտեմբերին, ուր շատ հաւանական է , որ Աուն ընտրուի Լիբանանի 12-րդ նախագահը: Աունականները այս հաւաքը կատարած էին  յարգելու համար   13 հոկտեմբեր 1990-ին  զոհուածներուն յիշատակը,  ու այս  առթիւ   յաւուր պատշաճի խօսքերով   հանդէս եկած են  «ազգային ազատ  հոսանք»ի    ղեկավար  նախարար Ժըպրան Պասիլ  եւ  նախագահական հիմնական թեկնածու՝  Զօր. Միշէլ Աուն:

Երէկուան հաւաքէն ետք լիբանանցի շարք մը ազդեցիկ քաղաքական գործիչներ հաւաստեցին, որ Լիբանանի սիւննի համայնքի գլխաւոր առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի  պաշտօնապէս որդեգրէ Աունի թեկնածուութիւնը: Իր կարգին նախագահական երկրորդ գլխաւոր թեկնածու եւ «Ալ Մարատա» կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան, Սլէյման Ֆրանժիյէ յայտարարեց, թէ ինք վճռական է իր թեկնածուութեան մէջ եւ պիտի շարունակէ ընտրապայքարը:

Տեղին է նշել, որ այսօրուան դրութեամբ Աունին պաշտօնապէս իրենց նեցուկը յայտարարած են «Լիբանանեան ուժեր» եւ «Հըզպաալլա» կուսակցութիւնները, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի բազմիցս յայտատարած է, որ ինք դէմ է Աունի թեկնածուութեան եւ չի պատրաստուիր անոր օգտին քուէարկել:

Ամէն պարագայի բացայայտ է, որ երկրի նախագահական ընտրութեան օրակարգը մտած է խմորումներու կարեւոր եւ վերջնական փուլ մը, որու աւարտին երեսփոխանները, իրենց քուէն տալով յայտնի պիտի դարձնեն Լիբանանի յաջորդ նախագահին անունը: