Միացեալ Նահանգները Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար ուղարկած է «Patriot» հակահրթիռային պաշտպանութեան եւս երկու մարտկոց։ Այդ մասին կը յայտնէ «Axios»-ը։
Հրապարակման համաձայն՝ մարտկոցներէն մէկը տեղակայուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ նաւթային կառոյցի պաշտպանութեան, իսկ միւսը՝ Քաթարի մէջ՝ կազի արդիւնաբերութեան կառոյցի անվտանգութեան ապահովման համար։
«Axios»-ի աղբիւրին համաձայն՝ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ թոյլտուութիւնը՝ երկրի օդային տարածքը օգտագործելու համար։ Ըստ աղբիւրին՝ Ռիատ կրնայ չտալ այդ թոյլտուութիւնը, եթէ համարէ, որ իր նաւթային կառոյցները բաւարար կերպով պաշտպանուած չեն։
Միաժամանակ Միացեալ Նահանգները Մերձաւոր Արեւելք կը ղրկէ լրացուցիչ ռազմական ուժեր, օդանաւեր եւ նաւեր։ Ամերիկացի պաշտօնեայի համաձայն՝ «USS Theodore Roosevelt» օդանաւակիրն ու անոր հարուածային խումբը Սան Տիէկոյէն մեկնած են դէպի տարածաշրջան եւ կ՚ակնկալուի, որ այնտեղ հասնին Նոյեմբերի կէսերուն։
Տարածաշրջան մեկնած է նաեւ «Makin Island» դեսանտային խումբը։