image

Լիբանանի կառավարական տագնապ. «Հըզպալլա» կը մեղադրէ Ռիատը

Լիբանանի կառավարական տագնապ. «Հըզպալլա» կը  մեղադրէ Ռիատը

«Հըզպալլա»ի գործադիր խորհուրդի նախագահի տեղակալ շէյխ Ալի Տահմուշ դիտել տուած է, որ 2006 թուականի պատերազմի օրերուն Իսրայէլ իր բոլոր ջանքերն ի գործ դրաւ «Հըզպալլա»ն տկարացնելու եւ ընկճելու նպատակով, սակայն չյաջողեցաւ, շնորհիւ լիբանանցիներու հաստատակամութեան եւ կամքի ուժին, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Լիբանանի հարաւային շրջանի Հարիս աւանի նահատակներու յետմահու պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ Տահմուշ յայտնած է, որ «Հըզպալլա»ն տկարացնելու Իսրայէլի յոյսերն ի թերեւ ելան, իսկ ներկայիս Իսրայէլը Լիբանանի դէմ պատերազմ յայտարարելէ ետ պահողը վերջինիս գիտակցութիւնն է, որ լիբանանեան ուժերը բաւականին զարգացած եւ ուժեղ են:

Տահմուշ շեշտած է, որ ներկայիս լիբանանի կառավարութեան ստեղծումը խանգարողը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ հովանաւորուող քաղաքական ուժերն են, որոնք առաւել մեծ թիւով աթոռներ կը պահանջեն, միաժամանակ դիտել տալով, որ յիշեալ ուժերն ու զիրենք հովանաւորող երկիրները դէմ են Լիբանանի բարգաւաճման: