Լիբանանի Բնապահպանութեան նախարար Թարէք Ալ Խաթիպ այցելած է Ճրուտ Ֆարիա, Հարաճէլ եւ Այուն Սլէյման շրջանները, ուր կ'ենթադրուի, թէ որոշ ժամանակ առաջ թունաւոր նիւթեր պարունակող աղբ թաղուած է:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նախարարը տեղի բնակիչներէն տեղեկացած է, որ վերջիններս ականատես եղած են, թէ ինչպէս գանկ ու երկու ոսկորի նկար պարունակող տակառներ թաղուած են հողին մէջ:
Ականատեսներէն մէկուն համաձայն, տեղի հովիւներէն մէկը, օգտագործելով օճառանման այդ նիւթերը, թունաւորուած ու մահացած է:
Նախարարը յայտնած է, որ համապատասխան մարմիններէն պահանջած է քննութիւն իրականացնել, պարզելու համար, թէ արդեօք այդ թունաւոր նիւթեր պարունակող տակառները տակաւին այնտե՞ղ են, թէ ոչ, եւ արդեօք արտահոսք տեղի ունեցա՞ծ է այդ տակառներէն: