image

Լիբանանեան բանակը կը շարունակէ իր գործողութիւնները Արսէլի մէջ

Լիբանանեան   բանակը կը շարունակէ  իր  գործողութիւնները Արսէլի մէջ

Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանի  աղբիւրին, այսօր առաւօտ, լիբանանեան զօրքը    գործողութիւն մը   կատարած է  Արսալ   աւանին վրայ եւ ձերբակալած  Ապտըլ Մաճիտ Ամունը: Նշեալ անձը կը զբաղէր զէնքի վաճառականութեամբ եւ զօրքի շարժումներուն հետեւելով միշտ կապ կը հաստատէր ահաբեկիչներուն հետ:

Զօրքը ձերբակալած է  նաեւ սորիացի Մուհամմէտ Ֆէյսալ Ալուաուը, որ եղած է ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամ   եւ  մասնակցեցած է զօրքի դէմ մղուած կռիւներուն։