Սէուտական Արաբիա չեղեալ յայտարարած է Լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք 3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը, միաժամանակ 208 միլիառ տոլարի զինման գործարք կնքելով ԱՄՆ-ի հետ ու 41 միլիառ տոլարի զէնք գնելով Ռուսիայէն, կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Աղբիւրը նշած է, որ այս պահուն Սէուտական Արաբիոյ զինարանը խոշորագոյնն է տարածաշրջանին մէջ, որ տակաւին յստակ չէ, թէ Պաղեստինի դէմ պայքարի՞ն ուղղուած պիտի ըլլայ, թէ Իրանի դէմ հաւանական պատերազմին: