Դրամատուներու ոլորտի մէջ մասնագիտացած «The Banker» թերթը հրապարակած է աշխարհի 1000 լաւագոյն դրամատուներու ցուցակը:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, ցուցակին մէջ ներգրաւուած են նաեւ 9 լիբանանեան դրամատուներ, որոնցմէ առաջինը՝ «Աուտէ» դրամատունը կը գրաւէ 314-րդ տեղը, որուն կը յաջորդէ «BLOM» դրամատունը, գրաւելով 376-րդ տեղը, ապա «SGBL»ը՝ 532-րդ տեղը:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ 2017 թուականի լաւագոյն դրամատուներու ցուցակը կ'ընդգրէր 10 լիբանանեան դրամատուներ:
Նշուած է նաեւ, որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ, 3 լիբանանեան դրամատուներու ընթացքե բարելաւուած է այս տարի, մինչդեռ ուրիշներ անկում ապրած են, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չեն յիշուած այդ հարցին շուրջ: