image

Լիբանանցիներ ամսականի յաւելում կը պահանջեն. Պայքարը կրնայ թէժանալ

Լիբանանցիներ ամսականի յաւելում կը պահանջեն. Պայքարը կրնայ թէժանալ

Լիբանանի մէջ կառավարական ոլորտի աշխատողներու պայքարը վերջ գտած է այն բանէն ետք, երբ աշխատավարձերու, վարձերու եւ հարկերու վերաբերեալ շարք մը նոր օրէնքներ հրապարակուեցան, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, յիշեալ որոշումները սակայն նոր պայքարի ալիք բարձրացուցած են այս անգամ սեփական ոլորտի աշխատողներուն մօտ, որոնք կը համարեն, թէ սահմանուած վարձերն ու հարկերը չեն համապատասխաներ կեանքի թանկացման:

Այս առթիւ Լիբանանի Բանուորներու միութեան նախագահ Պշարա Ալ Ասմար յայտարարած է, որ սեփական ոլորտի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ նոր սակագիներու սահմանման արդիւնքով սեփական ոլորտի աշխատողներու եկամուտները անարդար են, եւ որպէս նուազագոյն շեմ պէտք է նկատի առնուի մէկ միլիոն 500 հազար լիրան:

Վերջինս շեշտած է, որ նման պահանջ կը բխի այն ճշմարտութեան գիտակցումէն, որ պետական ոլորտի աշխատողներու աշխատավարձերու նուազագոյն շեմը 950 հազար է, մինչդեռ սեփական ոլորտի աշխատողներու եկամուտի նուազագոյն շեմը 675 հազար սահմանուած ըլլալով հանդերձ անոնք աւելի քիչ կը ստանան: