Լիբանանահայ լրագրող Փօլա Եագուպեան պիտի հիւրընկալէ արաբական աշխարհի անուանի երաժիշտ Մարսէլ Խալիֆէն: Նշենք, որ յայտագիրը պիտի սփռուի յառաջիկայ չորեքշաբթի օր Եագուպեանի Future կայանէն ներկայացուող Interviews յայտագրի ծիրէն ներս: Խալիֆէ, որ հռչակ ստացած է Պաղեստինցի մեծ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի հեղինակած բառերով ներկայացուած երգերով առաւելաբար պիտի խօսի Պաղեստինեան դատին, արաբական խնդիրներուն եւ իր պատկերացմամբ Միջին Արեւելքի ընդհանուր ապագային մասին: Նշենք, որ սոյն յայտագրին ելակէտը Մահմուտ Տարուիշի ծննդեան օրն է եւ կը զուգադիպի անմահացած գրողին ծննդեան 75-րդ տարեդարձին: