Կիրակի, 1 յուլիսին Լիբանանի վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցած է Արտաքին գործոց նախարար Ճուպրան Պասիլի հետ, նպատակ ունենալով վերականգնել իրենց միջեւ վերջին շաբաթներու ընթացքին խզուած կապը:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, հանդիպման ժամանակ Հարիրի փորձած է համոզել Պասիլը, որ ընդունի Լիբանանեան ուժերուն 4 նախարարական աթոռ տրամադրելու տարբերակը, փոխարէնը խոստանալով համոզել վերջիններս որեւէ գերակշիռ դիրք զբաղեցնող նախարարութիւն կամ վարչապետի փոխանորդի պաշտօն չպահանջել, սակայն Պասիլ որեւէ յստակ պատասխան չէ տուած:
Տեղական աղբիւրներուն համաձայն, «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ճահճահի եւ նախագահ Աունի հանդիպումը նոյնպէս նմանօրինակ արդիւնք պիտի ունենայ:
Աղբիւրները նշած են նաեւ, որ «քրիստոնէական բարդոյթ»ն իր շուտափոյթ լուծումը պիտի գտնէ Հարիրիի առաջարկին միջոցով: