Լիբանանի մէջ 2019-2020 կրթական տարեշրջանին աւարտի ծիրէն ներս միջնակարգի ՝ «Պրէվէ»ի քննութիւններ պիտի չկայացուին։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ Նահար» պարբերականը վկայակոչելով Լիբանանի կրթութեան նախարար ՝ Թարէք Ալ Մաճզուպի մօտիկ կանգնող իր աղբիւրը։
Պարբերականը կը նշէ նաեւ, որ նախարարը այս որոշումը պիտի առնէ հաշուի առնելով «Քովիտ-19»ի հետեւանքով երկրին մէջ առկայ դրութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի կրթութեան նախարարը վաղը ՝ ուրբաթ օր այս մասին պարզաբանումներ պիտի տայ՝ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Նշենք, որ Պաքալորիայի քննութեանց ճակատագրին վերաբերեալ ցարդ որոշում չէ կայացուած։