Լիբանանի կառավարութիւնը յայտնուած է տնտեսական եւ յատկապէս ելեւմտական մեծ ճնշումներու դիմաց: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն եւրոպական դրամատունը կարեւոր պատգամեր յղած է Լիբանանի կառավարութեան, յայտարարելով, որ կառավարութիւնը եթէ կտրական քայլերու չդիմա, ապա Լիբանանը պիտի դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ տագնապներ:
Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ աւելի վաղ, համաշխարհային դրամատունը նոյնպէս կարեւոր պատգամներ յղծ էր Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան, յիշեցնելով, որ այդ կառավարութիւը պէտք է արագօրէն բարեփոխումներ կատարէ, որպէսզի կարողանայ օգտուիլ Լիբանանի համար հիմնուած եւ «Սետր» անունով յայտնի տնտեսական օգնութեան սնտուկէն:
Յիշեցնենք, որ ըստ նախնական տուեալներու, յատկապէս Լիբանանի ելեկտրականութեան եւ վարելանիւթի ոլորտներուն մէջ սակագիներու աճ պիտի գրանցուի, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ հակակշռել երկրի ընդհանուր պիւտճէն: