image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Ապօրինի զէնքի առկայութիւնը աւերներ կը գործէ. Վիրաւորուած է 5-ամեայ երեխայ մը (Լուսանկարներ)

Լիբանան. Ապօրինի զէնքի առկայութիւնը աւերներ կը գործէ. Վիրաւորուած է 5-ամեայ երեխայ մը (Լուսանկարներ)

Լիբանանեան «Ո՞ւր է պետութիւնը» էջը յայտնած է, որ Պաալպէքի Տուրս աւանին մէջ Ղասսան Զհայթէր անունով անձը խումբ մը զինեալներու հետ կրակ արձակած են Ներքին անվտանգութեան ուժերու աշխատակիցներէն Մահտի Մշիքի բնակարանին ուղղութեամբ:

Կրակոցներու հետեւանքով կրծքավանդակի ծանր վիրաւորում ստացած է այդ պահուն հօր հետ հօրեղբօր տունը այցելած 5-ամեայ Հանատի Մշիք:
Հանատի անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուելով վերակենդանացման բաժին ընդունուած է, սակայն զինեալ յարձակում գործողներէն ոեւէ մէկը չէ ձերբակալուած, կը գրէ աղբիւրը: