image

Լարուած օրուայ աւարտին Կապանի մէջ հանդարտ եւ զգուշաւոր վիճակ

Լարուած օրուայ  աւարտին Կապանի մէջ      հանդարտ  եւ զգուշաւոր  վիճակ

  Կապան քաղաքի    ոստիկանութեան   շէնքի մօտ    առաւօտեան ժամերէն  հաւաքուած   հարիւրաւոր քաղաքացիներ    հեռացան  տարածքէն։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը     յայտնած է  Shantnews.am կայքը։

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ  վերջին տուեալներուն համաձայն   Քաջարան   շրջանի   թաղապետ   Մանուէլ Փարամազեան   մուտք  գործած է ոստսիկանութեան  շէնք, տեսնուած  այսօր առաւօտ   բերման  ենթարկուածներուն  հետ ու ապա դուրս գալով վստահեցուցած է   հանրութեան, որ    ընթացք  առած  գործի  հանգամանքները պիտի քննուին    բարձր մակարդակի  վրայ։

 

 

 Յիշեցնենք, որ Կապանի մէջ  լարուածութիւն ստեղծուած էր, երբ համացանցի ճամբով   երեւելի կը դառնային    այսօր առաւօտ  ոստիկանութեան կողմէ   բաժին  բերուած   եւ տանջանքի ենթարկուած   քաջարանցի երիտասարդներուն      լուսանկարները։

 

 Աւելի ուշ շրջան  այցելած էր Սիւնիքի մարզպետ Յունան Պօղոսեան, որ վստահեցուցած էր, թէ   բերման ենթարկելու   դրոյթը հիմնուած է  յստակ տեղեկութեանց վրայ,     վստահեցնելով նաեւ, որ  պիտի կատարուի  արդար եւ բաց  քննութիւն եղածին  վերաբերեալ։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ  ձերբակալեալները  փոխադրուած են Երեւան։