Լեռնային Ղարաբաղ մեկնած ՀՀ առաջին նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուեցաւ «Ազատութիւն» կայանին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հանդիպումը շատ հաւանաբար կայանայ վաղը, տրուած ըլլալով, որ ՀԱԿ առաջնորդը այսօր ժամանած էր Ստեփանակերտ: Նշենք, որ արցախեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք Երեւանի իր առանձանատան մէջ Տէր-Պետրոսեան փակ հանդիպում մը ունեցած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ եւ հանդիպումը կայացած էր Տէր-Պետրոսեանի առաջարկով: Քննարկումներուն թեման բնականաբար Արցախի ընդհանուր դրութիւնն է վերջին օրերու լարուածութեան եւ ազրպէյճանական յարձակման լոյսին տակ: