image

Կը Սպասուի Լեւոն Տէր -Պետրոսեան- Բակօ Սահակեան Հանդիպումը

Կը  Սպասուի  Լեւոն   Տէր -Պետրոսեան- Բակօ Սահակեան  Հանդիպումը

Լեռնային Ղարաբաղ մեկնած  ՀՀ առաջին նախագահը   հանդիպում պիտի ունենայ   ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:  Այս մասին   տեղեկութիւնը տրուեցաւ «Ազատութիւն»  կայանին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ  հանդիպումը   շատ  հաւանաբար կայանայ վաղը, տրուած ըլլալով, որ ՀԱԿ առաջնորդը այսօր ժամանած էր  Ստեփանակերտ:  Նշենք,  որ արցախեան  քառօրեայ  պատերազմէն անմիջապէս ետք   Երեւանի  իր առանձանատան մէջ  Տէր-Պետրոսեան     փակ հանդիպում մը ունեցած էր  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ եւ հանդիպումը կայացած էր  Տէր-Պետրոսեանի  առաջարկով:  Քննարկումներուն թեման բնականաբար Արցախի ընդհանուր   դրութիւնն է  վերջին օրերու լարուածութեան  եւ ազրպէյճանական    յարձակման լոյսին տակ: