image
Հրատապ լուրեր:

Կրօնական Սնոտիապաշտութեան Հաւատացողները Թող Ինձմէ Յարգանք Չ'ակնկալեն. Սեւան Նշեանեան

Կրօնական Սնոտիապաշտութեան Հաւատացողները Թող Ինձմէ Յարգանք  Չ'ակնկալեն. Սեւան Նշեանեան

Այսօր  կը լրանայ Թուրքիոյ մէջ  բանտարկուած այլախոհ մտաւորական Սեւան  Նշանեանի    ծննդեան 60-ամեակը: Այս առթիւ    յարմար նկատեցինք  լոյսին տալ  Նշանեանի  հետ     շուրջ  տարի մը առաջ թրքական Haberturk  կայքին  կատարած հարցազրոյցը: Նշենք, որ Նշանեան  դատարանին  կողմէ ազատազրկման ենթարկուած է ապօրինի շինարարութիւն իրականացնելու կեղծ  եւ անհիմն մեղադրանքով:   Haberturk  Կայքը կը նշէ, որ Նշանեան համոզուած է, որ բանտ կը գտնուի Մոհամմէտ մարգարէին  ու իսլամի մասին իր  ստորագրած  մէկ յօդուածին   հետեւանքով: «Հապարթուրք»ի  կատարած հարցազրոյցը, որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ:

-59 տարեկան էք, ի՞նչ սովորած էք այս կեանքէն:

-Ոչինչ: Վերջը մահ է:

-Կը Վախնա՞ք մահէն:

-Ո՛չ,  իսկ նախապէս շատ կը վախնայի: Քանի մը անգամ մահուան դէմ հանդիման կանգնած եմ: Իսկ յետոյ, երբ հասկցայ, սկսայ չվախնալ:

-Կը Զղջա՞ք:

-Ինչ որ կրցած եմ ընել՝ լաւագոյն ձեւով ըրած եմ: Աւելին կ'ընէի, եթէ ծոյլ չըլլայի: Օրինակ՝ հինգի փոխարէն տասը երեխայ կ'ունենայի, աւելի շատ «Նշանեան տուներ» կը կառուցէի, գիրքեր կը գրէի: Շատ ժամանակ վատնած եմ:

-Ո՞րն է Ձեր ամենամեծ գործը:

-Երեխաներս:

-Չըսիք՝ «Իմ գիրքերը»:

-Որովհետեւ երեխան անմահ է: Գիրքերն ու շինութիւնները անցողիկ են: Որոշ ժամանակ անց կը դադարին ձերը ըլլալէ: Երեխաներն այդպէս չեն,  անոնք ձերն են… Եռնէկ ոչ թէ մէկ, այլ տասը մարդ ըլլայի: Երանի նոր ծանօթութիւններ հաստատելու ժամանակ՝ հիներուն կեանքէս չհանէի:

-Մռա՞յլ մարդ էք Դուք:

-Աւելի ճիշդը՝ անհամբեր մարդ եմ:

-Այսինքն առանձի՞ն  մարդ էք:

Իրականութեան մէջ ես եմ ինձ համար մենութիւն ստեղծողը: Երեք տարեկանէս միայնակ եմ:  Շատ-շատ,  հսկայական թիւով մարդոց ծանօթացած եմ, սակայն միայնակ եմ: Մարմինս ալ առաջուանը չէ:  Երիտասարդ կանայք ինձ արդէն  «հօրեղբայր» կ'ըսեն: Իմ տարիքի տղամարդու ճակատագիրն է սա եւ ուրիշ ոչինչ:

եզ Աստուածային արդարութեան մասին չհարցնեմ չէ՞ :

-(Ծիծաղելով) Դատական համակարգին մէջ աշխատող մարդիկ իմ դէմ շատ բաներ ըրած են, այլապէս շինարարութեան անհեթեթ պատճառով այստեղ չէի ըլլար: Հեռուէն կը դիտեմ իմ շուրջ կատարուող իրադարձութիւններուն, եւ պատկերը հետեւեալն է. «Աս տղան մէկ թռաւ, երկու թռաւ, երրորդ անգամ՝ բռնեցինք»:

-6.5 տարուայ ազատազրկումը Ձեզ չի վախցնե՞ր:

-Ասի դեռ սկիզբն է: Այն աւելի երկար կարնայ է տեւել, հետեւաբար կը վախնամ:

-Շիրինճէ գիւղի համար  երկար պայքար մղած եմ: Կառուցողական, փիլիսոփայական ու տնտեսական նոր մօտեցում բերած եմ: Մտածելու տեղ տուող  մոտէլ ստեղծած եմ: «Շիիրիճէ»-ի մոտէլն այժմ համալսարաններուն մէջ կը դասաւանդուի, իսկ ես այստեղ եմ: Մեծ խայտառակութիւն է:

Չէի մտածեր ու չէի կրնար կանխատեսել, որ  իսլամի վերաբերեալ իմ գրածները այդչափ տարածում կը գտնեն: Թերեւս այդ մէկը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ արեւմտեան կրթութիւն ստացած եմ, անոնց  մէջ մեծցած եմ: Ամենեւին չեմ ցանկար հաւատացեալ մարդոց վրդովմունք պատճառել, մեծ յարգանք ունիմ անոնց նկատմամբ: Մզկիթ մտնելու ժամանակ պարտադիր կը հանեմ կօշիկներս: Սակայն կրօնի վերաբերեալ ստիպուած չեմ  յարգալից խօսիլ: Յատկապէս կրօնական սնոտիապաշտութեան հաւատացողները թող ինձմէ չակնկալեն, որ  զիրենք   պիտի յարգեմ:

-Ձեր կարծիքով սնոտիապաշտութիւն է: Ինչո՞ւ կը վիրաւորէք:

-Որովհետեւ անոնք կը սխալին:

-Թերեւս Դո՞ւք  կը սխալիք:

Այս հարցին շուրջ ես կասկած չունիմ: Մէկը պէտք է ըսէ «Թագաւորը մերկ է»:  Ես սուրբ կը համարեմ խիղճն ու խելքը: Եւ իմ սրբութիւնն է պաշտպանել անոնք:  Կեանքի մէջ ամենակարեւոր բանը, որ կարնամ ընել, մարդոց պաշտպանելն է յիմարութենէն եւ տգիտութենէն:

-Ուրեմն  ատոր համա՞ր  կ'որոշէք Մոհամմէտ մարգարէի ու իսլամի վերաբերեալ յօդուած գրել:

Մինչեւ 2010թ. կը մտածէի՝ որպէս Թրքահայ այս խնդրի մէջ մտնելու իրաւունք չունիմ: Սակայն յետագային զգացի, որ յարձակման տակ կը գտնուիմ: Թուրքիոյ մէջ մարդոց վրայ ճնշում կը գործադրէ կրօնական սնոտիապաշտութիւնը եւ այն աստիճանաբար կը տարածուի  կեանքի տարբեր ոլորտներու վրայ:  Ան կը սպառնայ ազատ մտածողութեան: Եւ այդ յօդուածը իմ խօսքն էր  կատարուածին  դէմ: Սակայն չէի մտածած, որ այս իրավիճակին կը հանգեցնէ:

-Այսինքն այս յօդուածը եթէ չգրէիք, այստեղ չէի՞ք ըլլար:

-Չէի ըլլար:

-Բանտին մէջ ինչպէ՞ս  կ'անցնէք ձեր ժամանակը:

-Բառարանի վրայ կ'աշխատիմ, կը գրեմ թրքերէնի պատմութիւնը:  Չափազանց շատ դասական երաժշտութիւն կը լսեմ, ամերիկեան ֆիլմեր կը դիտեմ:

-Ի՞նչպէս կը մեկնաբանէք ծագումով հայ Էթյէն Մահչուփեանի նշանակումը Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնով:

-Անշուշտ շատ կարեւոր է:  Կարեւոր է, որ, հայ ըլլալէ բացի, խորհրդական նշանակուած է նման լաւ եւ մտաւորական անհատը:

Թրքական հասարակութիւնը 1915-ի պետական պաշտօնական դիրքորոշումէն կ'անցնի այլ փուլի, որ կարելի է կոչել «Եռնէկ այդպիսի բան չըլլար»:  Եւ այս համաթեքսթին մէջ յանկարծ գտնուեցաւ մեղաւորը, մեղքը դրուեցաւ «Միութիւն եւ առաջդիմութիւն» (երիտթուրքական) կուսակցութեան վրայ: Իրականութեան մէջ՝ ըսել «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն», կը նշանակէ ըսել Թուրքիա:

-Ի՞նչ կը մտածէք «Շառլի Հէպտօ» պարբերականի  խմբագրակազմին      դէմ  կատարուած սպանդին մասին:

-Պատմական իրադարձութիւն է: Յետագային ատոր մասին պիտի խօսուի որպէս դարու  իրադարձութիւն:  Աշխարհիկ համակարգը սպառնալիքի տակ է: Արեւմտեան աշխարհը պէտք է միաւորէ իր ուժերն ու պայքար մղէ:

-Թուրքիան ո՞ւր է այս հարցին  մէջ:

-Չորս-հինգ տարի առաջ պատասխանը յայտնի էր: Այժմ չեմ կրնար պատասխանել: