image
Հրատապ լուրեր:

Իրան եւ ԱՄՆ-ն կը ձգտին հաշտութեան գործարքն ամրագրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով

Իրան եւ ԱՄՆ-ն կը ձգտին հաշտութեան գործարքն ամրագրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմի դադրեցման հնարաւոր համաձայնութեան նախագիծին մէջ ներառուած է կէտ մը, որ կը նախատեսէ համաձայնութեան ամրագրումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային։

«Մենք տակաւին կը քննարկենք ընդհանուր դրոյթները։ Այս 14 կէտերը միայն հիմնական յօդուածներն են, որոնց շարքին կան դրոյթներ, ըստ որոնց՝ եթէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, այն պէտք է ամրագրուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով՝ իրաւական պաշտպանութիւն ապահովելու նպատակով»,– ըսած է Պաղային լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին։

Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտած է, որ Թեհրան չի կարծեր, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւը ինքնին կրնայ երաշխաւորել այդ համաձայնութեան գործադրումը, քանի որ Իրանը արդէն իսկ ունեցած է հակառակ փորձը։