image

Կրակոց Եգիպտոսի Ալ Մընյէ քաղաքին մէջ. Զոհուած են 23 ղըպտիներ

Կրակոց Եգիպտոսի Ալ Մընյէ քաղաքին մէջ. Զոհուած են 23 ղըպտիներ

Քիչ առաջ արտակարգ դէպք պատահած է Եգիպտոսի հարաւը գտնուող Ալ Մընյէ քաղաքին մէջ: Այս մասին արագ լուր փոխանցեց «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նշեց, որ անծանօթ զինեալներ կրակ բացած են անզէն քաղաքայիններու վրայ: Ըստ նախնական տուեալներու՝ զոհուած են 23 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Դէպքին շուրջ բացուած է քննութիւն եւ չի բացառուր, որ արարքը ահաբեկչական գործողութիւն մըն է: