Կիպրոսի Լառնաքայի օդակայանին մէջ մնացած տասեյակ հայերը վերադարձած են Հայաստան: «Հայաստանէն ինքնաթիռ եկաւ», Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Կիպրոսէն վերադարձած քաղաքացիներէն ՝ Քրիսթինէ Մնացականեանը:
Ան նշեց, որ իրենց որեւէ պարզաբանում չէ տրուած, միայն ըսած են, որ խնդիրը ինքնաթիռի անսարքութիւնը եղած է:
Յիշեցնենք, որ երէկ տեղեկութիւն տարածուեցաւ առ այն, որ Կիպրոսի Լառնաքայի օդակայանը տասնեակ հայեր չեն կրնար վերադառնալ Հայաստան: Քրիսթինէ Մնացականեանը յայտնած էր, որ պէտք է թռիչքը ըլլար ժամը 4:30-ին , սակայն օդակայանը սկիզբը նոյնիսկ ուղեբեռը չեն ընդունած, քանի որ յայտնի չէր, թէ օդանաւը պիտի գայ, թէ ոչ: