image

Խումէյնիի դամբարանին մօտ կին մը ինքզինք պայթեցուցած է.Կայ 1 զոհ, 5 վիրաւոր

Խումէյնիի դամբարանին մօտ կին մը ինքզինք պայթեցուցած է.Կայ 1 զոհ,  5 վիրաւոր

Այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին մօտ կրակոցներ հնչած են, տեղի ունեցած է զինուած յարձակում: Այս մասին կը հաղորդեն իրանեան լրատուամիջոցները: 

Յայտնի է, որ յարձակում գործողներէն մէկը դամբարանին մօտ ինքզինք պայթեցուցած է:

Ինչպէս կը յայտնէ  Mehr  գործակալութիւնը, յարձակում իրականացնողներէն  2-ը ձերբակալուած են: 

Նախնական տուեալներով կայ 1 զոհ,  5 վիրաւոր:

Աւելի վաղ «Արեւելք» հաղորդած էր Իրանի Խորհրդրանէն ներս հնչած կրակոցներու մասին: Վերջին տուեալներով վիրաւորուած են Խորհրդարանի պատգամաւորներէն 3-ը եւ մահացած է պատգամաւորներէն մէկուն թիկնապահը: 

Խորհրդարանէն ներս այժմ կը շարունակուին կրակոցները, կարգ մը ներկաներ պատանդի կարգավիճակի մէջ են: Յարձակումը գործած անձը տակաւին վնասազերծուած չէ: