image
Հրատապ լուրեր:

Խումբ մը թուրք դիւանագէտներ Զուիցերիայէն ապաստան խնդրած են

Խումբ մը թուրք դիւանագէտներ Զուիցերիայէն ապաստան խնդրած են

Դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող շարք մը Թուրքիոյ քաղաքացիներ քաղաքական ապաստան խնդրած են Զուիցերիայէն:

 

Թրքական  «Haberler» լրատուական կայքը, յղում ընելով զուիցերիական յայտնի «Tages Anzeiger» թերթին, կը նշէ, որ  ապաստան խնդրողներուն մէջ եղած են նաեւ Պէռնի մէջ Թուրքիոյ նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնակատար Վոլքան  Քարակէօզը: Վերջինս խնդրած է, որ իր ընտանիքին նոյնպէս ապաստան տրամադրուի:


Աղբիւրը չէ մանրամասնած, թէ ինչ պատճառով նշեալ մարդիկ  ապաստան խնդրած են:  Փոխարէնը նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջման փորձէն ետք Քարակէօզ հեռացուած էր պաշտօնէն: Ան մեղադրուած էր Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլէնական համայնքի հետ կապեր ունենալու մէջ: Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն անոր ետ կանչած էր, սակայն վերջինս չէր վերադարձած հայրենիք: