-Բարեւ, դուն Գոլէճ կ'երթա՞ս:
-Այո: պատասխանեցի...
-Ես Ճեմարան կ'երթամ, անունս Զարեհ է:
Ուշի ուշով նայեցայ այս համարձակ եւ արագ խօսող պատանիին երեսին, անոր դէմքին կար հաճելի, բայց անհատնում ժպիտ մը, որ առաջին րոպէէն իսկ ինծի կը փոխանցէր ուրախութիւն մը: Ու այդ պահէն ետք, ես չկրցայ հեռանալ իրմէ:
Ան ի՜նչ մեծ հպարտութեամբ կ'ըսէր՝ ես ճեմարան կ'երթամ:
Այն ճեմարանը, ուրկէ ազգայիններ ծնած են ու պիտի ծնին տակաւին:
Այն ճեմարանը, ուր կը պահպանուի հայ յեղափոխութեան հզօր ոգին:
Այն ճեմարանը, ուր Զարեհ Մալճեանը կազմաւորուեցաւ եւ յոյս սփռեց իր չորսդին:
Ան միշտ հպարտ էր իր ազգային եւ կուսակցական պատկանելիութեամբ, միեւնոյն ժամանակ, ան գիտէր մտիկ ընել ուրիշներու գաղափարները եւ հանդարտօրէն վիճաբանիլ անոնց հետ, եթէ անշուշտ անոնք կարենային դիմանալ իր մտքերուն եւ հանդարտութեան:
Զրոյցներու ընթացքին ինքն էր իշխողը եւ միտքերու յաջորդականութեան տիրապետողը:
Տարիները թաւալեցան, եւ մենք իրար հետ վերածուեցանք անքակտելի միասնութեան մը:
Կը յիշեմ պատահարներ, ուր մեր պատկանած տարբեր կազմակերպութեանց դիրքորոշումներուն պատճառաւ հանրութեան առջեւ հակաճառած ըլլանք, եւ դէպքի աւարտին, միասին բաժնուինք սրահէն, զարմացնելով բոլորը:
Անշուշտ որ, շրջան մը յետոյ, գաղութի երիտասարդութիւնը վարժուեցաւ այդ երեւոյթին եւ սկսան ընդօրինակել մեզ:
Ամառ մը կու գայ, ամառ մը կ'երթայ,
Եւ ոչ մէկ բան նոյնը կը մնայ:
Իր նշանաւոր խօսքերէն էր այս մէկը: Մենք յաճախ իր մտքի պայծառութեան կը նախանձէինք , կրկին անգամ՝ իր յարատեւ ուրախութեան, զոր այսօր ան փոխանցած է իր անուշիկ աղջիկներուն: Ան բոլորէս առաջ հասկցած եւ ընկալած էր կեանքի խորքն ու իմաստը:
Զարեհին, ես չեմ տեսած օր մը տխուր կամ ընկճուած, ոչ ալ ամենադժուարին հարցի առաջ անել կացութեան մատնուած:
Ան իր դժուարութիւնները ինծի կը պատմէր, սակայն ես չէի զգար թէ ան դժուարութեան մէջ է: Ան կը պատմէր կարծես թէ այդ հարցը ուրիշի հետ պատահած ըլլար:
Զօրաւոր կամքի տէր էր Զարեհը, ինքն իր հիւանդութեան ախտաճանաչումը ընելէ ետք ինծի զանգեց եւ պատմելու սկսաւ...պահ մը կարծեցի թէ ուրիշ հիւանդի մասին կը խօսէր...խե՜նթ գոռացի եւ չկրցայ շարունակել...
Քսան տարի առաջ իր առաջարկով սկսանք «Հայ մտքի բարեկամներու» շաբաթական հաւաքները:
Հայ անհատի մտքի հզօրութեան կը հաւատար ան, մեր բոլոր քաղաքական կազմակերպութեանց հիմքը եւ նպատակը նոյնն է, կ'ըսէր Զարեհը, իսկ ինչու իրար դէմ կը պայքարին, երբ մեր ընդհանուր թշնամին նոյնն է: Այս հարցը պէտք է լուծենք, մեզի ազգային գաղափարախօսութիւն է պէտք, կ'ըսէր ան, որ ընդունելի ըլլայ թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի հայութեան կողմէ... եւ նստեցանք մի քանի ընկերներով տակ տակի շարելու միացեալ յայտարարները, եւ անոնք 12 հատ էին արդէն, պէտք է այս ցանկը տարածենք, եկէք հայերէն ազգասիրական երգերու հատոր մը հրատարակենք եւ մի քանի էջ անգամ մը ասոնք յիշեցնենք, իր խռպոտ ձայնով առաջարկեց ան: Եւ անշուշտ այդ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Զարեհի ուրախութեան վրայ բարդուած էր նոր տեսակի ուրախութիւն մը այդ օր: Ան որ չի կրնար գնել երգարանը, ձրի տուէք, թող ամէն տուն մտնէ :
Իր մտքի յղացումները անհատնում էին ու րոպէական, կէտադրումները յստակ եւ բոլորին կողմէ ընդունելի:
Ազգային հզօր տնտեսութեան մը ստեղծման մասին միշտ կը մտածէր, եւ ուրիշ ելք չկայ կ'ըսէր ան, մեր ազգի ապագայի բարօրութեան համար:
Հզօր տնտեսութեամբ մենք կ'ունենանք հզօր բանակ եւ այն ատեն միայն կրնանք, կամ աւելի ճիշդը՝ իրաւունք կ'ունենանք վերատիրանալու մեր պատմական Հայաստանի հողերուն: Առանց «Երկաթէ Շերեփ»ի չենք կրնար, իսկ երկաթէ շերեփին համար դրամ է պէտք:
Իր ուրախութիւնը զգացի նաեւ, երբ ան գաղութի ազգայիններու կողքին դիմաւորեց անկախ Հայաստանի առաջին նախագահը...Հայաստան անկախացաւ Ռոպէրթ, աւելի դիւրին է այլեւս մեր դատը միջազգայնացնելու, յոյսով եմ որ պիտի տեսնեմ Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանը...
Եւ իր այդ Մեծ Երազի ճամբուն վրայ Զարեհ հեռացաւ մեզմէ, սակայն իր ետին թողեց ՄԻՏՔ եւ ԵՐԱԶ, որոնք պիտի շարունակեն մինչեւ յաւերժութիւն:
Էյ օրթա՜խ, այս պատերազմը մեր գործը ջլատեց, մեզ բաժնեց, դուն Հայաստան ես Պէյրութ...
Գիտես Ռոպէրթ, Պէյրութի մէջ ալ սկսանք ամսական «Մտքի Բարեկամներու» հանդիպումներուն, եկուր հոս, դեռ շատ բան ունինք ընելիք միասին...Եւ ես եկայ Պէյրութ...բայց ինքը գնաց:
Օր մը երբ անմիջական մօտիկ ընկերներով հաւաքուած էինք, Զարեհ ըսաւ՝ Մենք ենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը տղաք, եւ ատոր ալ փաստերը կան, դարձաւ ինծի՝-
ըսէ նայիմ Նոյեան Տապանը ու՞ր իջաւ,
-Արարատի վրայ, ըսի:
Եւ ի՞նչ կոչուեցաւ այդ երկիրը, անշուշտ որ Հայաստան էր պատասխանը, ուրեմն նոր մարդկութեան սկիզբը մեր երկրէն է, աւելցուց ան, իսկ Յիսուս իր համբարնալէն ետք ու՞ր առաջին անգամ երեւցաւ, պատասխանը՝ Էջմիածին եղաւ, ո՞ր ժողովուրդը քրիստոնէութեան համար մեզի չափ նահատակ տուաւ, ո՞ր երկիրը առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօն, ՈՒՐԵՄՆ մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ Աստուած մեզի պիտի վերադարձնէ մեր հայրենիքը, սակայն մեր ջանքերով եւ մեր մտքի հզօրութեամբ իրաւունք կ'ունենանք այդ Աստուածային նուէրը ստանալու, եւ ցած ձայնով աւելցուց, որ արդէն մեր իրաւունքն է:
Այսօր «Գանձասար»ին մէջ կարդացի ընկերոջ մը յօդուածը՝ Զարեհին մտայղացմամբ՝ վերադարձ դէպի արմատներ, Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի ծրագրուած արշաւներուն մասին:
Գիտես Ռոպէրթ, երբ Կիլիկիոյ եւ Պատմական Հայաստանի հողին վրայ բոպիկ գալեցի, տարբեր զգացում մը ապրեցայ, հողը կարծես միացաւ մարմնիս հետ եւ հզօրութիւն մը զգացի: Զարեհ կրկին ու կրկին այցելեց պատմական հայկական բնակավայրերը եւ ես շատ ուրախ եմ որ այդ մէկը կրցաւ ընել, որ իր երազներէն մէկն էր:
Ամէն մէկ այցելութենէն ետք իրեն յուզուած կը տեսնէի, երբ հարցուցի՝ ով որ իր տունէն կը հեռանայ անշուշտ որ պիտի յուզուի, եղաւ իր պատասխանը:
Զիս Քեսապ կամ Հայաստան տարէք՝ չեմ ուզեր հոս թաղուիլ...Զարեհին վերջին փափաքն էր այդ եւ ես վստահ եմ որ իր կինը՝ Սեւանը, դուստրերը՝ Արազն ու Վանան, անոր այդ փափաքը պիտի իրականացնեն եւ ան պիտի երթայ միանալու իր հայրենիքի սուրբ հողին հետ:
Ամառ մը կո ւգայ, ամառ մը կ'երթայ
Եւ ոչ մէկ բան նոյնը չի մնար....
Տօքթ. Ռոպէրթ Սիւլահեան