image

Կազզայի մէջ իրավիճակը կը բարդանայ

Կազզայի մէջ իրավիճակը կը բարդանայ

Երէկ, երեքշաբթի օր իսրայէլեան օդուժը քանի մը օդային յարձակումներ իրականացուցած է «Համաս» եւ «Ալ Ճիհատ Ալ Իսլամի» շարժումներու կեդրոններու վրայ, ի պատասխան այն հրթիռներուն, որոնք արձակուած էին Կազզայի զուգահեռ իսրայէլեան աւաններու ուղղութեամբ:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, իսրայէլեան ուժերը մօտ 10 օդային յարձակում իրագործած են, սակայն մարդկային վնասներ չեն գրանցուած:

Նշենք, որ աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահու յայտարարած էր, որ Ղազզայի կողմէ դէպի Իսրայէլի հարաւային շրջանները արձակուող հրթիռներուն իր պատասխանը դաժան պիտի ըլլայ: